ԱՆԻ ՓՐԹՈՅԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան նպատակը հետապնդող Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնի ընթերցումներու աշխատանոցը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին։ Աշխատանոցին մասնակցոներուն հետ սկսանք ընթերցել Զապէլ Եսայեանի առաջին վէպը՝ «Սպասման Սրահին Մէջ» («Արաս», Պոլիս, 2017): Պահիկ մըն ալ տրուեցաւ Զահրատին, որմէ քանի մը հատորներ բաժնուեցան մասնակցողներուն, որոնք ընտրեցին մէյ մէկ քերթուած եւ կարդացին: Նոր մասնակցող մը ունեցանք Վիեննայէն՝ Արեւիկը, որ գրաւոր արտայայտուեցաւ իր ապրումներուն մասին: Ստորեւ՝ Արեւիկին գրութիւնը.
«Ինչ աղուոր է եա՜: Մինչեւ բոլորովին արեւմտահայերէն խօսողներով շրջապատուած չըլլամ՝ չեմ զգար որ ինչքա՜ն կարօտցած եմ հանգիստ արեւմտահայերէն խօսիլը՝ այլազան նիւթերու մասին, առանց ինքնագրաքննութեան. ատի կ՛ընեմ օրինակ երբոր արեւելահայերէն խօսողներու հետ կը հաղորդակցիմ, կը զսպեմ ինքզինքս շատ «արեւմտահայկական» բառեր գործածելէ, անոր համար ալ աւելի դանդաղ կը խօսիմ, անդադար գիտակից կ՛ըլլամ գործածած բառերուս, լարուած վիճակի մը մէջ կ՛ըլլամ:


«Մի քանի օր է արդէն Հայաստան եմ. մարդ կը կարծէ, որ ատի լեզուական հանգստութիւն մը պիտի տայ՝ վերջապէս անգլերէնի տեղ հայերէն խօսիլը, 24 ժամ է, հինգ օր է…. ես ալ ատանկ կը կարծէի, մինչեւ որ հոս եկայ եւ զգացի որ այդ լարուածութիւնը մէկ անգամէն անհետացաւ, թէեւ ոչ բոլորովին, մէկ մասը կայ, ատ ալ հանգիստ մտքով արաբերէն չգործածելէն կու գայ:
«Միւս կողմէն ալ, գրական արեւմտահայերէնի կարօտս ալ դեր ունի աս զգացումիս մէջ թէ՛ իր գեղեցկութեան պատճառով, քանի առօրեայիս մէջ չեմ հանդիպիր, թէ ալ տուն, Լիբանան, հին օրեր յիշեցնելուն պատճառով:
«Մէկ խօսքով կարօտցեր եմ լեզուն: Երանի ժամանակը ունենամ կարդալու եւ ստեղծելու արեւմտահայերէնով»:
Մասնակցեցանք նաեւ Անգլիական այգիին մէջ մանկական գիրքի փառատօնին (1-2-3 Յունիս 2023)։ Մեր փոքրիկները արեւմտահայերէն՝ «Զարդիս» մանկապատանեկան թարգմանական մատենաշարէն «Հաւկիթ Գնելու Ճամբուս Վրայ» գիրքը կարդացին եւ խաղեր կազմակերպեցին ներկաներուն համար: