Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները 14 Յունիսին հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Լինզի Հովարթի հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Հովարթի գրասենեակին մէջ։
Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները շրջանի հայութեան հետզհետէ աճող կարիքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու 3րդ ընտրատարածքը ներկայացնող Հովարթին, որուն ընտրատարածքի սահմաններուն մէջ կը գտնուի Սան Ֆերնանտօ հովիտը՝ իր մեծաթիւ հայ բնակչութեամբ։
Ներկայացուեցան նաեւ հայութիւնը դէպի քաղաքական աշխոյժ մասնակցութեան մղելու նպատակով Հայ Դատի տարած աշխատանքները եւ Հովարթին աջակցութեան կարօտ՝ հայութեան առաջնակարգ կարեւորութիւն ներկայացնող կարգ մը հարցեր։

Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Հովարթին, որ Փետրուարին հեղինակած էր Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումները եւ Արցախի պաշարումը դատապարտող բանաձեւը, որմէ ետք ան խոստացաւ իր կարելին ընել նպաստելու համար պաշարումին վերջ դնելու ջանքերուն։
Շեշտ դրուեցաւ նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին իրականացումը ապահովելու կարեւորութեան վրայ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հովարթին՝ իր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ գործակցութեան պատրաստակամութեան համար՝ յիշեցնելով, որ Լոս Անճելըս գաւառը Հայկական Հարցի պաշտպանութեան գործին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի։