ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Աշխարհի տարածքին, մօտաւորապէս 110 միլիոն քաղաքացիներ պարտադրուած եղած են հեռանալու իրենց տուներէն՝ պատերազմներու, հետապնդումներու կամ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պատճառով, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց ՄԱԿի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի:
2022ին, գաղթականներու թիւը աւելացած է 19 միլիոնով, գլխաւորաբար Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սկսած պատերազմին պատճառով, որ մօտաւորապէս 11 միլիոն գաղթականներ պատճառած է, ինչ որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք գաղթականներու մեծագոյն ալիքն է:
Գաղթականներու ընդհանուր թիւին 62.5 միլիոնը ներքին տեղահանուածներ են, իսկ մնացեալը ապաստանած են ուրիշ երկիրներ: