6 Յունիսի կառավարութեան նիստին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ ապօրինի անցակէտի տեղադրումը, Արցախի ելեկտրականութեան եւ բնական կազի մատակարարումներու արգելափակումը, որ, ըստ էութեան, կը շարունակուի 6 ամիսէ ի վեր, ծայրայեղ կերպով սրեցին մարդասիրական իրավիճակը Արցախի մէջ:
«Այս գործողութիւնները եւս մէկ անգամ հիմնաւորում են մեր այն մտավախութիւնը, թէ Ադրբեջանը Լեռնային Ղարաբաղում էթնիկ (ցեղային) զտման քաղաքականութիւն է վարում», ըսաւ Փաշինեան՝ նկատել տալով, որ տուեալ պարագային խօսքը ոչ թէ մտավախութեան կը վերաբերի, այլ արդէն գործողութիւններու մեկնարկին:
«Որքան էլ դժուար՝ Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ մեր աշխատանքները պէտք է լինեն շարունակական», աւելցուց ան:
Փաշինեանի վերոնշեալ յայտարարութեան արձագանգեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով. «Մենք վճռականօրէն կը մերժենք Հայաստանի վարչապետին անհեթեթ յայտարարութիւնները։ 15 Յունիսին ատրպէյճանցի սահմանապահներուն դէմ իրականացուած սադրանքին նպատակը անցակէտի բնականոն աշխատանքի խափանումն էր։ Մենք կը պահանջենք, որ Հայաստան զերծ մնայ սադրանքներէն, պատասխանատու եւ կառուցողական կերպով մօտենայ խաղաղ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն եւ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման»:
Հակարիի մէջ Ատրպէյճանի դրօշի տեղադրման հարցին անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ՝ ըսելով. «իրականութեան չեն համապատասխաներ այն պնդումները, թէ Ատրպէյճան իր դրօշակը բարձրացուցած է Հայաստանի տարածքին մէջ։ Երէկ, երբ Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքը հանդիսացող Հակարիի կամուրջին վրայ գտնուող Լաչինի սահմանապահ անցակէտին մէջ բարձրացուած է Ատրպէյճանի դրօշը, Սահմանապահ ծառայութեան աշխատակիցներուն ուղղութեամբ կրակ բացուեցաւ։ Այդ կամուրջը կառուցուած է Ատրպէյճանի կողմէ՝ կարճ ժամանակի ընթացքին, եւ պնդումները, թէ դրօշը բարձրացուած է Հայաստանի տարածքին մէջ, անհիմն են»։