Եթէ մեր եկեղեցական հաստատութիւնները, հոգեմտաւոր սնունդի մատակարարման կողքին, դարեր շարունակ եղած են նաեւ մշակոյթի կեդրոն, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը այս իմաստով ալ հաւատարիմ է մեր դարաւոր աւանդութեանց։
Արդարեւ, մէկ ամսուան ժամանակամիջոցի մը մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը հիւրընկալեց ցուցահանդէս մը՝ Լիբանանի Այնճար հայկական աւանէն հրաւիրուած Լեւոն Թաշճեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը։ Առաջինն էր հայրենի գեղանկարիչ Արմէն Ադիլխանեանի ցուցահանդէսը։
Լեւոն Թաշճեանի ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Մուսա լերան հայրենակցական միութեան կողմէ եւ կը վայելէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Յունիսի երեկոյեան, ապա շարունակուեցաւ Շաբաթ, 16 Յունիսի ամբողջ օրը։
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացման պահուն, կազմակերպիչ միութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Սեւակ Քէնտիրճեան. ան ներկայ հարիւրաւոր հանդիսականներուն հակիրճ կերպով ներկայացուց Լեւոն Թաշճեանի կեանքի ուղին, որ մարզիկին ու լուսանկարողի կողքին, ընդգրկած է ծառայութիւն Արցախի բանակին ու մասնակցութիւն՝ լիբանանցի լրագրող Քարմէն Լապաքիի հռչակաւոր «Հայերը Լիբանանի մէջ» վաւերագրական ժապաւէնին պատրաստութեան, որ անցեալ տարի այս երկրին մէջ շահեցաւ լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի մրցանակը։ Ապա, ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր սրտի խօսքը։
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնը, որ ազնիւ մտածումը ունեցած է Լիբանանէն հրաւիրելու Լ. Թաշճեանը։ Ան նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լեւոնի ոսպնեակին միջոցով հանրութեան հրամցուող պատկերներուն ու անոնց խորհուրդին մասին, շեշտելով, որ անոնք բոլորիս կը յուշեն մեր անցեալն ու մեր ժառանգութեանց պահպանման յանձնառութիւնը։ Առաջնորդ սրբազանը նաեւ վեր առաւ Ազգային առաջնորդարանիս մշակութային առաքելութիւնը եւ դրուատիքով անդրադարձաւ այն իրողութեան որ բազմահարիւր հայորդիներ ընդառաջած են մեր հողերուն կանչին ու ահա իրենց ներկայութեամբ գործնապէս կը քաջալերեն Լեւոն Թաշճեանի տասնամեակներու վաստակը։
Լեւոն Թաշճեան ծանօթ անուն է մասնաւորաբար լիբանանահայերուն. 70ական տարիներուն, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկ, ան նուաճած է Լիբանանի երկար վազքի ախոյեանութիւնը ու հաստատած մրցանիշներ։ Աւելի ուշ, ան համակուած է լուսանկարչական ոսպնեակին գրաւչութեամբ ու զայն լծած՝ հայրենի բնաշխարհն ու պատմական յուշակոթողները «քաղելու» գործին։ Անոր հետաքրքրութեան կեդրոնը սոսկ քարն ու բնութեան գեղեցկութիւնները չեն, այլ մղում կ՚առնեն ազգային վսեմ ապրումներէ ու կը հետապնդեն նոյնքան վսեմ նպատակներ. իր իսկ բառերով՝ ան կ՚ուզէ ակնդիրին հրամցնել պատկերները այն դարաւոր ժառանգութիւններուն, որոնք հայունն են եղած ու այսօր ալ ե՛ն, հակառակ անոր, որ անոնցմէ ստուար մաս մը կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած մեր հողերուն վրայ։ Ահա թէ ինչու լուսանկարչակն այս ցուցահանդէսը կը կրէր «Մեր հողերը…» ընդհանուր խորագիրը։
Ցուցահանդէսը բազմահարիւր այցելուներու առիթ ընծայեց հաղորդակից դառնալու Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, ներկայ Հայաստանի ու Արցախի կիսաքանդ թէ վերանորգուած, բայց միշտ թանկարժէք ժառանգութիւններուն։ Անոնցմէ շատեր ձեռնունայն տուն չվերադարձան, այլ ունեցան գեղատիպ լուսանկարներէն օրինակներ։