Միջազգային դրամական հիմնադրամը հրապարակեց տեղեկագիր մը, որուն մէջ կը հաստատէ, թէ Լիբանանի տնտեսական տագնապը վատթարացած է` քաղաքական լուծումներու չձեռնարկելու եւ զանազան գործարարներու կողմէ տնտեսական բարեկարգումներու դէմ մղուած պայքարին պատճառով:
«Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ չեն կատարուած եւ անոնք ակնկալութիւնները չեն բաւարարեր: Լիբանանի պարտքը մինչեւ 2027 կրնայ հասնիլ երկրին համախառն ներքին արտադրութեան 550 առ հարիւրին: Ներկայ իրավիճակը ամէնէն աւելի վտանգաւորը կը նկատուի` Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան համար», կը նշէ տեղեկագիրը:
Իր կարգին, Միջազգային դրամական հիմնադրամի Լիբանանի յանձնաժողովի նախագահ Էռնեսթօ Ռամիրեզ Ռիկօ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայ իրավիճակին շարունակուիլը մեծագոյն վտանգներէն կը նկատուի:
Ռամիրեզ Ռիկօ նախատեսեց, որ Լիբանանի մէջ օտար ներդրումները կրնան նուազին եւ երկիրը չկարենայ գոյատեւել:
«Լիբանան բարեկարգումները գործադրելու խիստ կարիք ունի», հաստատեց Ռամիրեզ Ռիկօ: