Եգիպտահայ երիտասարդներ Սարօ Երզնկացեան, Արի Երզնկացեան, Վարուժան Գազանճեան, Սիմոն Տիպոյեան եւ Շահան Թերզիպաշեան բարձրացան Արարատ լերան գագաթը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ Դատի մարմինը։
Երիտասարդները կրցան հասնիլ Արարատ լերան գագաթը` զետեղելով Հայաստանի եւ Եգիպտոսի դրօշները 5165 մեթրի վրայ։
