Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին, 1907ի Մայիսին: Անոր ծնողները եղած են՝ Յարութիւն Ն. Կէրկէրեան եւ Թերէզ Թերճանեան, որոնց ընտանիքները մեծ եւ լաւ անուն ունեցած են Կիւրինի ազգային, ընկերային եւ առեւտրական կեանքին մէջ: Գէորգ իր ծնողներուն 14 զաւակներէն միակ վերապրողը եղած է: Իբրեւ որբ, վայելած է հօրեղբօրորդի Նազարէթ Ս. Կէրկէրեանի հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ անոր շնորհիւ կրցած է հետեւիլ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումի:
Ան նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ուզունեան Ազգային նախակրթարանը եւ Ատանայի Յիսուսեանց «Սէն Բոլ» քոլէճը: Կիլիկիոյ պարպումին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը յաճախէ Ֆրէրներու «Սաքրը Քէօր» քոլէճը: Եղած է քոլէճին յաջողակ ուսանողներէն մէկը: Քոլէճին վեց տարուայ դասընթացքը վերջացուցած է 4 տարուան ընթացքին եւ յաջողած է ֆրանսական բժշկական բաժանմունքի մուտքի քննութեան:
Ուսանողական փայլուն արդիւնքներ կ՛ունենայ եւ կ՛արժանանայ քանի մը պատուոյ մրցանիշներու։ Յաջորդաբար համապատասխան քննութիւններէ ետք կը նշանակուի «Հօթէլ Տիէօ» հիւանդանոցի Extern, Interne, եւ Chef de clinique պատասխանատու պաշտօններուն: Կը մասնագիտանայ քիթ-կոկորդ-ականչ-աչք հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ, ապա կ՛ընդունուի «Սաքրը Քէօր» հիւանդանոց, իբրեւ օգնական մասնագէտ բժիշկ եւ կը վայելէ փրոֆ. De Peyrelongue du Negrier-ի նման հռչակաւոր մասնագէտներու հոգածութիւնը: 1941ին կը ստանձնէ նոյն հիւանդանոցին մասնագէտ բժշկապետի պատասխանատու պաշտօնը, որ հմտօրէն կը վարէ երկար տարիներ:
1947-48ին, բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան կը մեկնի Փարիզ եւ վեց ամիսներու մէջ կը կատարելագործէ իր մասնագիտութիւնը:
Բժիշկ Կէրկէրեան եղած է իր մասնագիտութեան ճիւղի ֆրանսական եւ միջազգային գիտական միութիւններու անդամ: Մասնակցած է գիտական միջազգային համագումարներու: Առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան, որպէս օտար բացառաբար կ՛արժանանայ O.R.L. Գիտական միութեան պատուոյ անդամի տիտղոսին, որ իր տեսակին առաջինը եղած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:
Ան արժանացած է Լիբանանի կառավարութեան Chevaller du Merite des Cedres-ի շքանշանին, երկար տարիներ Լիբանանի առողջապահական զարգացումին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Ունեցած է զգալի ազգային գործունէութիւն, եղած է ատենապետ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան եւ անդամ:
Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան անդամ եղած է Լիբանանի Բժշկական միութեան, հիմնադրութեան օրէն ի վեր: Սատարած է միութեան վերելքին՝ գիտական, տնտեսական եւ սահմանադրական մարզերուն մէջ: Վարած է միութեան ատենապետութիւնը երկար տարիներ: Ան իրականացուցած է միութեան ճանաչումը՝ լիբանանեան պետութեան կողմէ: Իր երազը եղած է իրականացնել հայկական հիւանդանոցի մը հաստատութեան Պէյրութի մէջ:
Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան մահացած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Մինասեան, Պետրոս, «Պատմագիրք Կիւրինի», Պէյրութ, 1974։
2. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, անձնական ծանօթութիւն որպէս գործակից բժիշկ։
3. «Երիտասարդ Հայ» պարբերաթերթ, «Հայկական Հիւանդանոց – Տոքթ. Գէորգ Կէրկէրեան Կը
Խօսի», Պէյրութ, Լիբանան, 30 Սեպտեմբեր 1972:
3. «Ազդակ» օրաթերթ, «Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը», 2 Փետրուար 2013:
4. «Ազդակ» օրաթերթ, «Տոքթ. Գ. Կէրկէրեան Եւրոպա Մեկնեցաւ», 9 Հոկտեմբեր 2012: