Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա հաստատեց , որ Ֆրանսա Արցախի հայութեան համար ապահովութեան երաշխիքներ կը պահանջէ:
6 Յուլիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Քոլոննայի հետ: Անոնք միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան հարցերուն շուրջ:
Ըստ Փարիզի հաղորդած տեղեկութեան՝ նախարար Քոլոննա շեշտեց, որ միայն միջազգային իրաւունքը յարգող եւ Արցախի հայ բնակչութեան` հոն ապրելու կարելիութիւնը երաշխաւորող համաձայնութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ մնայուն խաղաղութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ հայերը պէտք է առիթ ունենան ապրելու Արցախի մէջ՝ իրենց իրաւունքներուն եւ մշակոյթին նկատմամբ յարգանքով:
Միրզոյեան ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Անդրադարձ կատարուեցաւ առանցքային հարցերու, մասնաւորաբար՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցերու` միջազգային գործիքակազմի մը շրջագիծին մէջ հասցէագրման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ երթեւեկի կապուղիներու ապաշրջափակման վերաբերող:
Միրզոյեան ընդգծեց ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկման միջոցով հարցերը լուծելու անթոյլատրելիութիւնը, Ատրպէյճանի կողմէ յարձակողական գործողութիւններէ եւ սադրիչ հռետորաբանութենէ զերծ մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման եւ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտումին նկատմամբ հետագայ գործողութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու հրատապութիւնը:
7 Յուլիսին, Քոլոննա գրառում մը կատարելով «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ՝ հաստատեց, որ Ֆրանսա կ՛աջակցի Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութեան հասնելու՝ Հայաստանի անկեղծ ջանքերուն ` պահպանելով Արցախի մէջ բնակող հայերուն իրաւունքները: «Ֆրանսա զօրաշարժի ենթարկած է իր ուժերը՝ յանուն արդարութեան եւ միջազգային իրաւունքի պահպանման», գրած է Քոլոննա: