14 Յուլիսի առաւօտէն սկսեալ, ապաշրջափակման պահանջով Արցախի մէջ իրականացաւ բազմամարդ հանրահաւաք մը:
Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ հաւաքուած արցախցիներուն իր խօսքը ուղղեց պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան` շեշտելով, որ վիճակը օրհասական է, ամէն յաջորդ օրը` աւելի ծանր, արդէն կը վերջանայ վերջին դեղորայքը, մանկապարտէզներուն մէջ ուտելիք գրեթէ չի տրուիր, համայնքները մեկուսացման մէջ են, փոխադրութեան համար վառելանիւթ չկայ, շուտով պիտի դադրի գործելէ շտապ օգնութեան ծառայութիւնը:
Ներսիսեան Վերածնունդի հրապարակի ամպիոնէն Հայաստանին, Ռուսիոյ, միջազգային հանրութեան ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Ձեզ ի՞նչ է անհրաժեշտ, ինչի՞ն էք դուք սպասում: Ուզում էք այս հրապարակում մենք ամէն օր մարդկանց դիակներ ունենա՞նք, որ արձագանգէք: Բաւ է մեր ժողովրդի կեանքի հաշուին Արեւմուտք-Ռուսաստան հակամարտութեան վարումը»:
Հրապարակին վրայ ժողովուրդին հետ էին նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որոնք, սակայն, ելոյթ չունեցան:
Յարութիւնեան նոյն օրը հրատապ միջոցներու կիրարկման պահանջով նամակներ ուղարկեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հնչեցուց ահազանգ, թէ սովի իրական սպառնալիք կայ. մէկ ամիսէ ի վեր մարդասիրական բեռ չի մտներ Արցախ: «Մարդու իրաւունքներ ասո՞ւմ էք: Ուրեմն ասէք ինձ`ես ինչպէ՞ս նայեմ այս ժողովրդի աչքերին եւ ասեմ, որ իրենք էլ ունեն իրաւունքներ, թերսնուցման մէջ գտնուող յղի կնոջ աչքերին, որի երեխան կարող է արատներով ծնուել, մայրերի աչքերին, որոնց օրուայ ամենամեծ երազանքն իրենց երեխայի համար մի բուռ միրգ կամ քաղցրաւենիք հայթայթելն է, հերթերում կանգնած հազարաւոր մարդկանց աչքերին, որոնք ժամերով հերթ են կանգնում մի բուռ շաքարաւազ կամ ձէթ ստանալու համար», յայտնեց Ստեփանեան:
Ցուցարարները երթով ուղղուեցան դէպի Կարմիր Խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակը, ապա ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վայրը` օդակայանի տարածքին մէջ:
«Ռուս խաղաղապահներին եւս պէտք է ներկայացուի Արցախն ապաշրջափակելու եւ հումանիտար (մարդասիրական) աղէտի ընթացքը դադարեցնելու պահանջ, խնդրանք, որից յետոյ մեր հանդիպումը կը շարունակուի Վերածննդի հրապարակում` գրեթէ ամէնօրեայ ռեժիմով (դրութեամբ)», յայտարարեց Ներսիսեան:
Ցուցարարները վրաններ տեղադրեցին խաղաղապահներու գրասենեակին մօտ, նաեւ՝ Ստեփանակերտի կեդրոնը։

ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ԽՈՍՏԱՑԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ
Աւելի ուշ վարուած ռուս խաղաղապահներուն հետ բանակցութիւններու աւարտին, Ներսիսեան տեղեկացուց, որ ռուսական կողմը ընդունեց, որ ընելիք ունին: «Հաշուի առնելով նաեւ մեր ժողովրդի հիմնաւոր պահանջը եւ մեր հետագայ բոլոր քայլերը` պարտաւորուել են ամէնօրեայ, ամէնժամեայ ռեժիմով տեղեկութիւնը փոխանցել Ռուսաստանի Դաշնութիւն եւ պարտաւորուեն ընդունել, որ իրենք ունեն աշխատանք անելու` իրավիճակն անյապաղ կարգաւորելու եւ հումանիտար ճգնաժամը վերացնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Ներսիսիեան:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին ճամբով յաւելեալ տեղեկութիւն տուաւ Ներսիսեան՝ գրելով, որ խաղաղապահներու հրամանատարը՝ Ալեքսանտր Լենցով հաստատեց, որ քայլերու պիտի ձեռնարկուին հարցերը կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Ան նաեւ ընդունեց, որ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ կը տիրէ, եւ անիկա օրէ օր կը խորանայ։
Ըստ Ներսիսեանի` Լենցով հաստատեց, որ իրավիճակի հետագայ զարգացումներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները այսուհետեւ իր վերադասին պիտի փոխանցուին անընդհատ:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, ներքին գործոց նախարարը եւ Ազգային ժողովի «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավարը:
Լենցով նաեւ ընդունեց, որ Արցախը Հայաստանին միացնող ճամբու փակումը կը խախտէ եռակողմ յայտարարութիւնը:
Հաւաքներ եւ պահանջատիրութեան երթեր տեղի ունեցան նաեւ Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ասկերանէն եկած ցուցարարներ հաւաքուեցան Ստեփանակերտի օդակայանին մօտակայքը։
Մինչ ցուցարարները կը հասնէին Կարմիր Խաչի գրասենեակին մօտ, Ատրպէյճանի մէջ Կարմիր Խաչի ներկայացուցչութեան ղեկավարը ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը` յայտարարելով, թէ արցախահայութեան կարիքները բաւարարելու համար Պաքուն չի բացառեր Աղդամ-Ստեփանակերտ ճամբով օգնութեան կարելիութիւնը:
Իսկ Լաչինի միջանցքին գծով Ատրպէյճան կարելի կը նկատէ միայն անցումը բժշկական նպատակներով` այն ալ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ եւ անցակէտի կանոններուն պահպանումով: Ընդ որում, ըստ Պաքուի, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Ստեփանակերտի մէջ միջազգային կառոյցի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Ասոր զուգահեռ, Արցախէն 11 հիւանդներ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ՝ փոխադրուեցան Հայաստանի մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
«8 բուժառուներ, ովքեր ժամանակին պետական պատուէրի շրջանակներում ուղեգրուել են ՀՀ բուժում ստանալու համար, ուղեկցողների հետ ԿԽՄԿ մեքենաներով վերադարձել են Արցախ։ «Արեւիկ» բուժմիաւորումում ստացիոնար (կայուն) բուժում է ստանում 41 երեխայ, 5ը գտնւում է նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքում: Հանրապետական բժշկական կենտրոնում ստացիոնար բուժում է ստանում 99 հիւանդ, 6 բուժառու գտնւում է վերակենդանացման բաժանմունքում, որոնցից 3ը ծայրայեղ ծանր վիճակում», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԲԱՆԲԵՐԸ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան, անդրադառնալով Ստեփանակերտի մէջ կանուխ առաւօտէն մեկնարկած անժամկէտ շարժման` Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը դադրեցնելու պահանջով՝ ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հասկնան Ատրպէյճանի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքները միջազգային հանրութեան աւելի տեսանելի դարձնելու վերաբերող քաղաքացիական քայլերը:
«Հայաստանի կառավարութիւնը ինքը ջանքեր է գործադրում այս ուղղութեամբ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործուն միջոցներ ձեռնարկի ի կատար ածելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի Փետրուարի 22ի եւ Յուլիսի 6ի իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումները` Լաչինի միջանցքի ապաարգելափակման մասին:
Հայաստանի կառավարութիւնը այս առումով նաեւ ընդգծում է, որ միջազգային մեխանիզմի (գործիքակազմի) շրջանակներում Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան օրակարգով Բաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է», ըսաւ Փաշինեան՝ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։