Խումբ մը երիտասարդներ կրախիճէ արգելապատնէշներով փակեցին Ասկերան-Ակնա ճամբան՝ կտրականապէս մերժելով այդ ճամբով ատրպէյճանական մթերքներու ներածման առաջարկը՝ ըլլայ այդ մարդասիրական օգնութիւն թէ շատ աժան գիներով առեւտուր:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է գործիչ, «Վերնատուն» Երիտասարդական վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր Արշակ Աբրահամեան, որ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Մենք յստակ նշել ենք, որ դա մեզ համար հանդիսանում է կարմիր գիծ եւ Արցախը սոցիալապէս (ընկերային իմաստով) եւ տնտեսապէս իր կապը պէտք է պահի միայն Մայր Հայաստանի հետ: Մեր հիմնական պահանջների մէջ առաջնային է մնում Հակարիի կամրջի վրայ ապօրինի տեղադրուած ադրբեջանական անցակէտի ապամոնտաժումը (կազմաքանդումը), իսկ ստեղծուած հումանիտար (մարդասիրական) աղէտի պայմաններում որպէս կարճաժամկէտ եւ հրատապ լուծում ենք պահանջում հումանիտար օդային միջանցքի տրամադրումը»։
Ասոր զուգահեռ, Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող տեղեկութիւնը, իբր թէ Ակնայէն` (Աղդամ) Ասկերան քաղաքով, ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ, Կարմիր Խաչի աշխատակիցները մարդասիրական օգնութիւն կը տեղափոխեն:
«Ասկերան քաղաքի ոստիկանական անցակէտով դէպի Ակնա եւ հակառակ ուղղութեամբ որեւէ տրանսպորտային (փոխադրութեան) միջոց չի անցել, առաւել եւս հումանիտար բեռներ չեն տեղափոխուել», հաստատեց նախարարութիւնը՝ կոչ ուղղելով տուրք չտալ չճշդուած տեղեկութիւններուն եւ զերծ մնալ պառակտողական ու զրպարտիչ գործողութիւններինէ։ Նախարարութիւն կը շեշտէ, որ ոստիկանութիւնը այդ անցակէտին մէջ շուրջօրեայ հերթապահութիւն կը կատարէ՝ մնայուն դիտարկման տակ պահելով Ասկերան քաղաքի եւ յարակից բնակավայրերու անցուդարձը:

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ ընդունելով Ռուսիոյ նոր դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովը՝ անդրադարձաւ այս նիւթին եւ դարձեալ առաջարկեց Աղդամի ճամբան օգտագործել արցախահայերուն օգնութիւն մատակարարելու։ «Կը կրկնենք՝ Ատրպէյճանի հայ բնակիչներու պահանջներու բաւարարման համար Աղդամ-Խանքենդի ճամբու օգտագործման առաջարկը, զոր կատարած էինք անցած շաբաթ», ըսաւ ան։
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հանդիպման մասնակցողները նշեցին Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը՝ երկկողմ եւ բազմակողմ համաձայնագիրներու ծիրին մէջ` բարեկամութեան եւ փոխըմբռնման պայմաններուն մէջ։
Քննարկումի նիւթ եղաւ նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը: Պայրամով շեշտեց, որ «Լաչինի անցակէտի տեղադրումը Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքն է եւ նպատակ ունի հակաօրինական գործունէութիւններ կանխարգիլելու եւ թափանցիկութիւն ապահովելու»: