Առաջնորդարանի դիւանը Պըրպէնքէն կը հաղորդէ, թէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեան հիւրաբար կ’այցելէ Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմը:
Հիւր սրբազանը Լոս Անճելըս ժամանեց Հինգշաբթի, Յունիս 14ին, 2007 եւ յաջորդ օրը առաւօտեան այցելեց առաջնորդարան ու մտերմիկ զրոյց ունեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ, տեղեկութիւններ տալով պատրիարքութեան գործունէութեան մասին: Ապա ծանօթացաւ առաջնորդարանի անձնակազմին հետ:
Նուրհան արքեպիսկոպոս Կիրակի, Յունիս 24ին պիտի Պատարագէ եւ քարոզէ Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ:
Նուրհան արք. ծնած է 1948ին, Հալէպ, Սուրիա: Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի բաժինը աւարտելէ ետք, աբեղայ ձեռնադրուած է երջանկայիշատակ Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեանի ձեռամբ: Վանքէն ներս վարած է զանազան պաշտօններ: