
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը՝ բանասէր, ակադեմական, պատմագէտ եւ ուսումնասիրական հատորներու հեղինակ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի մահուան առթիւ, իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն՝ Րաֆֆիին (Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար), Արմէնին, Անիին եւ Կարոյին, հարսերուն, թոռներուն, ծոռներուն, եղբօր Վըրնընին եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Հայ ազգը երախտապարտ պիտի մնայ այս հեղինակաւոր եւ պատմագէտ տիտանին հանդէպ, որ իբրեւ ուսուցիչ՝ իր ներշնչման աղբիւրը հանդիսացող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանի ուղիին հետեւողութեամբ, երկնեց «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն» քառահատոր հսկայ ուսումնասիրութիւնը եւ դարձաւ Հայ Դատին անխոնջ պաշտպանը: Ան միջազգային հարթակներու վրայ արծարծեց Հայկական Հարցը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան անուրանալիութիւնը եւ փաստացիութիւնը: Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» Համալսարանին մէջ հիմնեց Հայոց Պատմութեան առաջին ամպիոնը, ուր կազմակերպեց գիտաժողովներու շարք մը նուիրուած արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններուն, հիմնարկը վերածելով հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կաճառի մը: Հետագային, ամպիոնը Հայ Կրթական հիմնարկութեան կողմարժանաւորապէս վերանուանուեցաւ անոր անունով:
Իր մշակութանուէր, սերնդակերտ եւ արեւմտահայերէնի պահպանման ի նպաստ անխոնջ ծառայութիւններուն եւ օրինակելի նուիրումին համար, ի շարս մեծաթիւ շքանշաններու եւ գնահատագրերու, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արժանացած է նաեւ Համազգայինի բարձրագոյն Պատուոյ շքանշանին:
Բի՜ւր երախտիք անոր բազմաբեղուն վաստակին եւ անմար յիշատակին: