«Ալֆա Նիւզի»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հարաւային Կովկասի մօտ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարեց, որ Աղդամէն Ստեփանակերտ մարդասիրական բեռներու առաքումը պիտի ըլլայ Հայաստանէն մատակարարումներու փոխլրացումը` շեշտելով, որ Պրիւքսէլ կը շարունակէ պահանջել Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակումը:
«Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի, նոյն ժամանակ, ես կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր առաջարկէ նոյնպէս պէտք է օգտուիլ, ոչ իբրեւ Լաչինի այլընտրանք, այլ իբրեւ անոր լրացում», նշեց ան:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ ան եւրոպացի արդէն երկրորդ պաշտօնեան է, որ կը խօսի Ատրպէյճանի տարածքով Արցախ մարդասիրական մատակարարումներ իրականացնելու կարեւորութեան մասին: Պաքուի այդ առաջարկը միջազգային դերակատարներու բառապաշարը մտաւ մասնաւորապէս Փաշինեան-Ալիեւ վերջին բանակցութիւններէն ետք, երբ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ յստակօրէն ըսաւ, որ այս նիւթին անդրադարձ կատարուեցաւ Պրիւքսէլի հանդիպման ընթացքին։
Քլաարի այս յայտարարութեան արձագանգեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ ներկայացած է Ատրպէյճանի մէջ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները: Տեղացիներուն հարցուցած են, թէ 2025ին` Արցախէն ռուս խաղաղապահներու հեռանալէն ետք, հայ մանուկի մը հանդիպելով ի՞նչ պիտի ընեն։ Մասնակցողներուն 17 տոկոսը ըսած է, որ մանուկը իբրեւ գերի կը վաճառէ, 22 տոկոսը` մանուկը կացինով մասերու կը բաժնէ եւ կեր կը դարձնէ շուներուն:
«Մարդասիրական օգնութիւն` Աղդամից Ստեփանակերտի՞ն: Նայէք այս նկարին, յետոյ` խօսէք: Դուք ազնիւ չէք, անգամ մի փոքր էլ ազնիւ չէք, Տոյվօ Կլար: Ադրբեջանի հասարակութիւնն ամբողջութեամբ ողողուած է հայերի հանդէպ ատելութեամբ», կը յայտնէ Ստեփանեան:
Ասոր զուգահեռ, «Նիուզ»ի «Ուժի Գործօն» հաղորդումին ընթացքին, Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան անդրադարձաւ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումէն ետք Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի յայտարարութեան, ուր ան կ՛ողջունէ Աղդամէն Ստեփանակերտ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու՝ Ատրպէյճանի առաջարկին՝ դիտել տալով, որ շատ անտրամաբանական եւ անհասկնալի բաներ կը կատարուին յատկապէս եւրոպական հարթակին վրայ, եւ Միշէլի յայտարարութիւնները աւելի եւս կը խորացնեն իրենց մտահոգութիւնները:
«Մեզ դիտաւորութեամբ կանգնեցրել են հումանիտար (մարդասիրական) աղէտի առաջ, ու սկսել հումանիտար օգնութիւն պարտադրել, մինչդեռ հումանիտար օգնութիւնը չեն պարտադրում: Մենք բազմաթիւ պատճառներ ունենք, որոնք անհնարին են դարձնում Ադրբեջանի հետ վստահելի յարաբերութիւնն ու շփումը: Մեր քաղաքացիներին սպանող եւ սպանելու սպառնալիքներ հնչեցնող Ադրբեջանը պատրաստ է հումանիտար դեղ բերել ու տալ մեր ժողովրդին: Ինչպէ՞ս կարելի է, օրինակ, Ադրբեջանից մանկական կեր բերել ու տալ մեր երեխաներին, սնունդ բերել մեր յղիների ու տարեցների համար: Նման առաջարկ անողներին ուզում եմ հարց տալ` դուք իրօք լուրջ էք մտածում ու խօսո՞ւմ: Դա նոյնն է, որ վաղն էլ ասեն, թող հիւանդները Արցախից գնան Ադրբեջանում բուժուեն: Միջազգային միջնորդներին ուզում եմ հարցնել` արդեօք սա լուրջ խօսակցութիւն ու մօտեցում է: Եթէ այդքան անկեղծ են ու մտհոգուած են Արցախի ժողովրդի համար, կայ մի պարզ բանաձեւ` բացէք Լաչինի միջանցքը, ապահովէք, որ Ադրբեջանը կատարի Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները», յայտնեց Ներսիսեան: