Հայաստան կ՛այցելէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն աջակցելու հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ, որ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեց Արցախի կացութիւնը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անոր հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով, Արցախի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, եւ ան կարեւոր նկատեց ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ խորհրդակցութիւնները:
Փաշինեան ներկայացուց առանցքային հարցերու կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմին մօտեցումները։
Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Խովաեւ քննարկեցին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Անոնք ընդգծեցին, որ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը առաջնային են եւ պէտք է պաշտպանուին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումով Լաչինի միջանցքի շարունակուող փակման` Գրիգորեան շեշտեց Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւս հանդիպում ունեցաւ Խովաեւի հետ եւ վերահաստատեց Հարաւային Կովկասի մէջ համապարփակ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առանցքային հարցերու վերաբերեալ հայկական կողմին մօտեցումները:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած է Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման առաջարկին՝ նշելով, որ մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին հետագային։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս յայտարարեց, որ յառաջիկային Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով բանակցութիւններու յաջորդ փուլը: