Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր պատասխանատու կողմերուն կոչ ուղղեց՝ արտօնելու Արցախի բնակչութեան տրամադրելու կարեւոր մարդասիրական օգնութիւն եւ ապահովելու անարգել տեղաշարժ Լաչինի միջանցքով՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանին համաձայն:
Այս մասին կը նշուի Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ Հանրապետութեան դեսպանատան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ մարդասիրական ճգնաժամը աւելի սաստկանայ», կ՛ըուի գրառման մէջ: