10 Յունիսին, Թեհրանի «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան հանդիպում Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ թեհրանահայ ազգային-հասարակական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Զրոյցին հիմնական նիւթն էր Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որուն կապակցութեամբ Հրանդ Մարգարեան մեկնաբանեց Հ.Յ.Դ.ի դիրքորոշումները՝ նորընտիր խորհրդարանին եւ կառավարութեան ծրագիրներու կենսագործման կարելիութիւններուն նկատմամբ։ Ան խօսեցաւ նաեւ համաձայնական կառավարութեան եւ անոր հետ Հ.Յ.Դ.ի համագործակցութեան համաձայնագիրին մէջ գրուած սկզբունքներուն մասին։
Ան թուարկեց նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ դրական աւելի բարձր ցուցանիշերը՝ համոզում յայտնելով, որ եթէ յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն նման ցուցանիշներ կրկնուին, այդ մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան վրայ։