32րդ Նաւասարդեան խաղերու փակման հանդիսութեանց ներկայ ըլլալու համար Լոս Անճելըս գտնուելուն առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան Չորեքշաբթի, 11 Յուլիսի կէսօրին, այցելութիւն մը տուաւ Ազգային առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Գառնիկ Մկրտիչեանի կ՚ընկերանար բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Գօգօ Պալեան, որ անդամ է Ազգ. առաջնորդարանի շէնքի յանձնախումբին։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան գանձապահ Վահան Պզտիկեան։
Նկատի ունենալով, որ Գ. Մկրտիչեան առաջին անգամ ըլլալով կ՚այցելէր Ազգ. առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքը, առաջնորդ սրբազանն ու հիւրընկալ ժողովականները ծանօթութիւններ տուին շէնքի տարբեր բաժանմունքներուն, ինչպէս նաեւ ընթացիկ ու ապագայ ծրագիրներու մասին։
Գ. Մկրտիչեան շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանն ու թեմը՝ այս պատմական իրագործումին համար, ապա, իր կարգին որոշ տեղեկութիւններ հաղորդեց յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքերուն ու ընդհանրապէս Լիբանանի վիճակին մասին։