Երկար տարիներու բացակայութենէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերադարձաւ Շուէտ. Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սթոքհոլմի խորհուրդի որոշումով եւ 150 հրաւիրեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սթոքհոլմի ակումբին բացումը։
Հանդիսութիւնը սկսաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգով, որուն յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սթոքհոլմի խորհուրդին ատենապետ Յակոբ Մարտիրոսեանի բարի գալուստի խօսքը։ Ան շեշտը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ունեցած կարեւոր դերին վրայ՝ հայ երիտասարդ սերունդները դաստիարակելու, զանոնք հայու խոնարհ հոգիով օժտելու իմաստով, որպէսզի անոնք առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանան հայութեան բարգաւաճման եւ զարգացման։
Հ.Մ.Ը.Մ. Շուէտի մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, որ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ նորաբաց ակումբը պիտի կրէ Արցախի մէջ 1993ին զոհուած ֆետայիներէն՝ Շահէն Մեղրեանին անունը։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց նոր սերունդին մօտ հայերէնի նահանջին համար եւ խոստացաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր կարելին պիտի ընէ անոնց սորվեցնելու հայ լեզուն, կրօնը եւ պատմութիւնը։
Օրուան հիւր բանախօս Հրաչ Մարութեան երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սթոքհոլմի խորհուրդի անդամներուն, որոնք իրենց կարելին ըրին հաստատելու այս ակումբը, որ պիտի նպաստէ ոչ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, այլեւ՝ Սթոքհոլմի մէջ հաստատուած հայ ժողովուրդին։
Սկանտինաւիոյ Հայ ազգային յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Սիւզան Խարտալեան անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյութեան կարեւորութեան Շուէտի մէջ, մասնաւորաբար երիտասարդութեան համար, որպէսզի մօտէն ծանօթանան եւ սորվին մեր հողին, լեզուին, մշակոյթին, պատմութեան եւ կրօնին մասին։
Սկանտինաւիոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդական տեղապահ Ներսեհ վրդ. Խալաթեան, ընկերակցութեամբ Սթոքհոլմի եւ Ուփսալայի հոգեւոր հովիւ Նորայր վրդ. Կանճիւմեանի, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ունեցած հաւատարմութեան՝ եկեղեցւոյ հանդէպ եւ խոստացաւ իր կարելին ընել, որպէսզի հայկական եկեղեցիները մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան՝ կրօնական տեսանկիւնէն, սորվեցնելու մեր կրօնը։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ»ով։