Տարբեր բացատրութիւններ կան «անզգամ» բառին համար: Յատկապէս գրաբարեան աստուածաշնչական բացատրութիւնը անաստուածութեան գունաւորում տուած է բառին, Աստուծմէ երկիւղ չունեցող եւ նոյնիսկ զԱստուած չճանչցող մարդուն այդ կոչումը տալով: Սակայն, այսօր միեւնոյն բառը տարբեր շեշտաւորումով ու մասնաւորաբար աշխարհաբարեան իր մտածողութեամբ, նմանին հանդէպ անմարդկային վերաբերում ցոյց տուող, անգութ ու անբարեկիրթ մարդու կերպարը կը նշանակէ:
Մարդիկ տարօրինակ խնդրանքներով կը դիմեն Աստուծոյ, աղօթքի ճամբով իրենց յառաջիկայ ծրագիրները ներկայացնելով ու մանաւանդ իրենց շրջապատին մէջ կրած նեղութիւններէն ձերբազատուելու համար ուղղութիւն խնդրելով Անկէ: Ասոնք ամէնէն սովորական դարձած խնդրանքներու երկու խմբաւորումներ են: Յատկապէս երկրորդին պարագային, կը զատորոշուին անզգամները տապալելու համար Աստուծոյ ներկայացուած խնդրանքները:
Հին Ուխտի պատմութեան ընթացքին գտնուեցաւ անձ մը, որ ո՛չ իր նախահայրերուն կողմէ Աստուծոյ ներկայացուած խնդրանքները կրկնեց, որոնք բոլորն ալ հարստութեան, հանգստաւէտ կեանքի խնդրանքներ էին, ո՛չ ալ այսօրուան հասկացողութեամբ, թշնամիներէն ձերբազատուելու խնդրանքներ էին Աստուծոյ ուղղուած: Անիկա խնդրեց բան մը, որ նիւթական հարստութիւն չէր, հանգստաւէտ կեանքի պայմանն չէր, ո՛չ ալ միջավայրի խաղաղութիւն: Ան միայն իմաստութիւն խնդրեց Աստուծմէ: Սողոմոն թագաւորն էր ան, որ իր աղօթքին իբրեւ պատասխան, ստացաւ այդ պարգեւը եւ կոչուեցաւ Սողոմոն Իմաստուն: Նոյնիսկ Եթովպիոյ Շեպա թագուհին անոր քով եկաւ, իմաստութիւն սորվելու անկէ:
Աստուածաշունչի Առակաց Գիրքը, որ Սողոմոնի իմաստուն գրչին կը պատկանի, համաչափուած սքանչելի տողերով, կեանքի փորձառութեան կրակով թրծուած մտածումներով, բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդոց խրատատու գիրքը կը հանդիսանայ: Զայն կարդացողը չի՛ կրնար չանդրադառնալ անոր հեղինակին աստուածատուր իմաստութեան: Կեանքի փորձը երկնատուր պարգեւին միացած, մարդ արարածին դիմաց կը բանայ անսայթաք ճանապարհի մը լուսաւոր անցքը: Զայն ներկայացնողը, սակայն, անցած է այդ ճանապարհէն, վստահաբար խարխափելով անցած փուշերու եւ տատասկներու մէջէն, արիւնած իր ոտքերը: Եւ ահա, իր փորձառութիւնը բաժնելով բոլորին հետ, չուզեր, որ ուրիշներ ալ սայթաքին, չ’ուզեր, որ իր նմաններուն ոտքերն ալ արիւնին կեանքի փորձութեանց զարնուելով: Ուստի կեանքի խաւարին ուղեցոյց կը դառնայ անոնց դիմաց:
Սողոմոնի իմաստութեան գիրքին մէջ անզգամներու հետ վարուեցողութեան յատուկ օրինագիծ մը կայ: Գիտենք, որ իւրաքանչիւր մարդ իրեն յատուկ կերպ մը ունի, իր հակառակորդներէն ձերբազատուելու: Ոմանք հետեւելով ժողովրդային առածին, կռնակին հով փչող պատուհանը փակելու արարքին նմանողութեամբ, «կը փակեն» այդ «պատուհանը», պարզապէս անտեսելով ու մոռնալով իսկ անզգամին գոյութիւնը: Ուրիշներ ուղղակիօրէն Աւետարանին պատուէրը կը գործադրեն՝ որոշ կերպերով զգաստութեան հրաւիրելով ենթական: Ապա, փոփոխութիւն չտեսնելով անձին վրայ՝ կը խզեն իրենց յարաբերութիւնը: Երրորդ տեսակի մարդիկ, որոնք թերեւս աւելի զգայուն հոգի ունին, կը տագնապին զիրենք հալածող անձին վարմունքէն եւ բարեացակամութեամբ անպայման կը փորձեն հաշտութիւն կնքել ու այդպիսով ձերբազատուիլ անոնց մնայուն յարձակումներէն: Սա տկար ազգերու պարագային ալ սովորական դարձած ձեւն է, երբ փոքր հսկայ տէրութեանց ճորտ կը դառնան անոնք, պարզապէս փրկելու համար իրենց կաշին, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրը՝ աւերածութենէ:
Կայ նաեւ անմիջական հակազդեցութեան տարբերակը: Այս պարագային տուժող կողմը այնպիսի պատասխաններ կը գործածէ, որոնք կշռուած կ’ըլլան անզգամին միեւնոյն կշիռքով: Նախաքրիստոնէական եւ հակաքրիստոնէական վարմունքի ձեւ մըն է այս, երբ «աչքի դէմ աչք եւ ակռայի դէմ ակռայ» օրէնքով մարդիկ կը վարուին այն անձերուն դէմ, որոնք իրենց վնաս կը հասցնեն:
Սողոմոնի իմաստութիւնը յստակ պատասխան կու տայ հարցին, զոր կը գտնենք Առակաց Գիրքի մէջ «Անզգամին մի՛ պատասխաներ իր անզգամութեան համաձայն, որպէսզի չըլլայ թէ անոր նմանիս» (29.23): Իմաստունը ինչքա՜ն կը սարսափի անզգամին նման ըլլալէն, վստահաբար այդ անզգամութեան մէջ տեսնելով ահռելի տգեղութիւն մը: Ո՞վ չի սոսկար տգեղ ըլլալէ: Եթէ ֆիզիքական տգեղութիւնը այդքան սոսկում կը պատճառէ մեզի, հապա որքա՜ն աւելի տխուր պիտի ըլլանք, եթէ հոգեկան տգեղութիւն ունենանք: Առակագիր թագաւորը, տգեղութեամբ վարակուելու մեր վախը փարատելով, կը զգուշացնէ մեզ անզգամին հետ անզգամութեամբ վարուելու մարդկային մեր փորձութենէն: Ֆիզիքական տգեղութիւնը եթէ վարակիչ չըլլար, սակայն հոգեկանը՝ անպայման: Այսպէս, ոճրագործին կատարած ոճիրին ոճիրով պատասխանելդ քե՛զ եւս ոճրագործ կը դարձնէ ու արդարութեան ատեանի դիմաց կը կանգնեցնէ: Ահա թէ ինչպէս կրնաս վարակուիլ անոր պիղծ «տգեղութեամբ»: Նոյնն է նաեւ անզգամին պարագային: Իր կատարած բոլոր տեսակի անզգամութիւնները որդեգրած պիտի ըլլաս, եթէ նոյնը ընես իրեն նկատմամբ:
Անզգամը դարձի բերելը անհնարին կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ ան աստուածավախ մարդու շապիկ հագած կը ներկայանայ մարդկութեան: Ճիշդ հակառակ կաղապարին մէջ տեղաւորուելու այս ճկունութիւնը, շփոթի կը մատնէ նոյնիսկ ամէնէն աստուածավախ մարդիկը, որոնք Հոգիի կրակով զինուած, կը փորձեն գտնել կերպ մը, բռնելու անզգամին կեղծիքի դիմակը ու բոլորին յայտնելու անոր իսկական դիմագիծը:
Բայց ի՞նչ ընել…:
Ոմանք կ’անճրկին անզգամին անզգամութիւններուն դիմաց եւ պահ մը այնպէս կը խորհին, թէ Աստուած «հեռացած է» այս աշխարհէն, անզգամին յանձնելով մարդկային հոգիներու այս դաշտը: Անոնք կը մոռնան յաճախ, որ աղօթքը անզգամին պատասխանելու ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն է:
Պիտի պատասխանե՞ս անզգամին. անզգամութեամբ մի՛ պղծեր միտքդ ու հոգիդ: Թերեւս ան որոշում տուած ըլլայ վերջ տալու իր անզգամութեան եւ դառնալու Աստուծոյ: Դուն պատասխանէ անոր՝ Աստուծոյ աղօթելով, որ անզգամին շնորհէ հոգեկան արթնութիւն, դադրեցնելու իր անզգամութիւնը եւ գործով հաստատելու «նոր մարդ» դարձած ըլլալու իր կարեւոր որոշումը: