«Թասս»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ վարչութեան տնօրէն Տենիս Կոնչար յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ չեն խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու «որեւէ պայմանով»:
Ան դիտել տուաւ, որ Պաքուէն եւ Երեւանէն եկող ազդակները՝ շուտափոյթ խաղաղութեան հասնելու յանձնառութեան մասին, չեն նշանակեր, որ կողմերը պատրաստ են համաձայնիլ որեւէ պայմանի:
«Մենք դեռ պէտք է լուծումներ գտնենք կարգ մը բարդ թեմաներու», ըսաւ ան։
Կոնչար աւելցուց, որ կարեւոր խնդիրներէն է «Ատրպէյճանի իրաւական դաշտի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ապահովութիւնը եւ համընդհանուր ճանչցուած իրաւունքներու պահպանումը»:

«Համապատասխան տրամաբանութիւն կողմերը որոշեցին 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրի արդիւնաւէտութեան փոխադարձ հաստատումէն ետք։ Կը պահանջուի նաեւ համաձայնագիրի իրականացման միջազգային աջակցութեան գործիքակազմ մը, որ կասկածի տակ չի դներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը», յայտնեց Կոնչար` աւելցնելով, որ ռուսական կողմը աշխոյժ կերպով կ՛աջակցի կողմերուն` խաղաղութեան պայմանագիրի պատրաստութեան ուղղութեամբ:
Կոնչար նաեւ դիտել տուաւ, որ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին եռակողմ հանդիպման ընթացքին, ռուսական կողմը լարուածութիւնը թուլցնելու փոխզիջումի առաջարկներ ներկայացուց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, եւ կողմերը կ՛ուսումնասիրեն այդ առաջարկները: Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ մարդասիրական նկատառումները, հասարակ մարդոց մասին հոգատարութիւնը կը գերակշռեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ քաղաքական տարակարծութիւններուն։
Յիշեցնելով, որ Ռուսիա միշտ հետեւած եւ հետապնդած է այս հարցը՝ շեշտեց, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ աշխոյժ միջնորդական ջանքերը բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ` տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցումը եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներու ու փորձագէտներու միջեւ երկխօսութեան զարգացումը:
«Ամէն բան այնքան ալ արագ չ՛ընթանար մեր փափաքածին չափ, բայց այդ մէկը հասկնալի է` նկատի ունենալով շարքը այն րցերուն եւ հակասութիւններուն, որոնք կուտակուած են հակամարտութեան տարիներուն», նշեց Կոնչար։
Ան աւելցուց նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ հապճեպ եւ ոչ պատշաճ կերպով պատրաստուած խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու փորձը ապագային կրնայ դուռ բանալ նոր հակամարտութիւններու եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման չի ծառայեր։ «Առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի ոչ թէ արագութեան, այլ հաւասարակշռուած եւ փոխընդունելի լուծումներու որակեալ նախապատրաստութեան», յայտնեց ան եւ լուսարձակի տակ առաւ այն, որ արեւմտեան մայրաքաղաքներէ պարբերաբար յայտարարութիւններ կը հնչեն այն մասին, որ Երեւան եւ Պաքու կրնան խաղաղութեան պայմանագիր կնքել «գրեթէ մօտակայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն»։