Գանատա կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը ու ապահովելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով:
«Գանատա մտահոգ է Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումով: Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք՝ գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը եւ արտօնելու մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տարանցումը Լաչինի միջանցքով, բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ շարունակելու խաղաղ երկխօսութիւնը», կ՛ըսուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»ի գրառման մէջ: