ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ
Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան խօսեցաւ Արցախի վերաբերող զանազան նիւթերու մասին եւ անդրադարձաւ ներկայ դժուար մարտահրաւէրներուն:
Պատասխանելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը՝ ան դիտել տուաւ, որ Ստեփանակերտ Արցախի հարցին գծով տարակարծութիւններ ունի Երեւանի հետ. «Ունենք բաւականին ակտիւ (աշխոյժ) շփումներ եւ դա միանշանակ այլ ձեւ չի էլ կարող լինել, պարբերաբար, եթէ ոչ ամէն օր, շփում ունենում ենք, խօսում ենք պրոբլեմների (հարցերու) մասին, լինում են տարաձայնութիւններ, եւ այդ ամենակարեւոր տարաձայնութիւնը միշտ, հասկանում էք, ղարաբաղեան խնդրի հետ է կապուած», նշեց ան:
Յարութիւնեան, չյստակացուց, թէ խօսքը ճշգրիտ ինչի՞ մասին է, Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ-հրապարակաւ ինչ կ՛առաջարկեն: Ան միայն յորդորեց Երեւանին՝ զերծ մնալ Արցախի ինքնորոշումը կասկածի տակ դնող քայլերէ:
«Ոչ մէկն իրաւունք չունի կասկածի տակ դնելու եւ սահմանափակելու մեր ինքնորոշումը, մեր ինքնորոշման իրաւունքը: Դա բացառիկ իրաւունք է, որը չի տրուել իշխանութիւնների կողմից, այլ միջազգայնօրէն ճանաչուած է, եւ այդ իրաւունքի առումով պատրաստակամութիւն է յայտնել պայքարելու Արցախի ժողովուրդը, որին սատար է կանգնում հայ ժողովուրդը», յայտնեց Յարութիւնեան՝ շեշտելով. «Մեզ դրդում են ընդունել Ադրբեջանի պայմանները»։
Յարութիւնեան աւելցուց, որ համաձայն են այն դիտարկման հետ, թէ կայ լուռ համաձայնութիւն կամ որոշում, որ բոլոր կողմերը կ՛ուզեն Ատրպէյճանի հետ երկխօսութիւն պարտադրել Ստեփանակերտին՝ Պաքուի օրակարգով: «Միանշանակ մեզ համար անընդունելի է, քանի որ ցանկացած երկխօսութիւն, հանդիպում պէտք է առաջին հերթին իրաւահաւասարութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքների շրջանակներում լինի, այդ երեք սկզբունքները խախտուած են, դրա համար ցանկացած հանդիպում չի կարող լինել երկխօսութիւն»:
Յարութիւնեան նաեւ հաստատեց, որ Արեւմուտքի միջնորդութեամբ ձախողեցաւ Ստեփանակերտ-Պաքու այլ հանդիպում մըն եւս, որ պէտք է տեղի ունենար 1 Օգոստոսին: ան պնդեց, որ Պաքու հրաժարեցաւ այդ հանդիպումէն:
«Ի հարկէ, մեր կողմից եղել է դրական պատասխան մանաւանդ այն մօտ էր միջազգային ձեւաչափին, այսինքն, ես չեմ ուզում ասել, որ դա միջազգային ձեւաչափով հանդիպման նախապատրաստական աշխատանք էր, բայց ինչ-որ տեղ կարելի էր ընդունել: Ադրբեջանը հրաժարուել է նաեւ այդ ձեւաչափից, այսինքն, շահագրգռուածութիւն տեսել ենք այդ նախաձեռնողներից, բայց Ադրբեջանի հրաժարուելուց յետոյ այդպէս էլ մնաց օդում կախուած», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ան հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Աղդամով բեռներ տեղափոխելու՝ Պաքուի առաջարկին եւ շեշտեց, որ մարդասիրական աղէտը ինքնին Ատրպէյճանի գործադրած քաղաքականութեան պատճառով է: Յարութիւնեան Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը բաղդատեց համակեդրոնացման ճամբարի հետ՝ ըսելով. «Այդ ճամբարում այդպէս է լինում, դարձնում են ճամբար, յետոյ սկսում տրամադրել այն, ինչ նպատակայարմար են գտնում եւ ինչքան նպատակայարմար են գտնում»:
Յարութիւնեան շեշտեց, որ որեւէ առաջարկ առաջին հերթին պէտք է ըլլայ մարդասիրական միջազգային սկզբունքներուն համապատասխան եւ յարգէ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։
«Ամենակարեւորը ցանկացած կարեւոր, կենսական նշանակութիւն ունեցող առաջարկութիւն կամ որոշում պէտք է ունենայ ընդհանուր կոնսենսուս (համախոհութիւն), որը պէտք է արտայայտի առաջին հերթին մեր ժողովրդի տրամադրութիւնները», ըսաւ ան:
Արցախ արդէն 8 ամիսէ ի վեր շրջափակման, իսկ առաւել քան մէկուկէս ամիսէ ի վեր ամբողջական պաշարման մէջ է: Ատրպէյճան կ՛արգիլէ Լաչինի միջանցքով ուտելիքի եւ դեղորայքի մատակարարումները: Խանութները եւ դեղարանները գրեթէ դատարկուած են. արցախցիները ժամերով հացի եւ կաթնամթերքի հերթի կը կենան:
Արցախի նախագահը յայտարարեց նաեւ, որ Ատրպէյճան կ՛ուզէ հրաժարիլ 9 Նոյեմբերի յայտարարութենէն եւ շարունակել պատերազմը: Ըստ անոր՝ պատերազմը կը շարունակուի պաշարման միջոցով: