Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան, բարեկեցութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման համար Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթները պէտք է զուգահեռաբար ընթանան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան, այս հաստատումը կատարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Անգարայի մէջ դեսպաններու տարեկան հաւաքին մասնակցողներուն:
«Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը արագացած է», յայտարարեց Ֆիտան: