Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզի յանձնարարութեամբ՝ Հայաստան կ՛այցելէ յանձնաժողովի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ Սարա Արքինի եւ Տեմեան Մերֆիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Սիւնիքի մարզպետի աշխատակազմէն հաղորդեցին, որ 7 Օգոստոսին, անոնք հանդիպում ունեցան Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանի ու Գորիսի համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեանի հետ, որոնք տեղեկացուցին Սիւնիքի սահմաններուն իրավիճակին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն եւ Արցախի շրջափակման ու անոր պատճառով յառաջացած մարդասիրական աղէտին մասին։
Նոյն օրը, Սիւնիքի մարզպետին ընկերակցութեամբ՝ պատուիրակութիւնը այցելեց Տեղ համայնքի Կոռնիձոր գիւղը, ուր Ղուկասեան անոնց ներկայացուց Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալու փաստը եւ երկկողմ երթեւեկութեան բացակայութիւնը։
Ծերակոյտի ներկայացուցիչները դիտարկեցին նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի կառավարութեան ուղարկած մարդասիրական բեռնատարները արդէն օրերով կանգնած են սահմանին այս կողմը եւ չեն կրնար հասնիլ անոնց կարիքը ունեցող Արցախի բնակիչներուն։