ՊԱՇԱՐՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԵՆ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑԵՐ
11օրեայ արգելքէն ետք, անյետաձգելի բժշկական օգնութիւն ստանալու համար, 8 Օգոստոսին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան 11 հիւանդներ։
«Նրանցից 9ը ստանում են հեմոդիալիզ (երիկամներու լուացում), սակայն դեղորայքի եւ բժշկական պարագաների սակաւութեան պատճառով չեն կարողանում ստանալ անհրաժեշտ բուժօգնութիւն եւ կանգնել են մահուան վտանգի առջեւ, իսկ միւս 2 բուժառուները քաղցկեղի պատճառով գտնւում են ծանր վիճակում», յայտարարեց Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Նոյն ժամանակ, Կարմիր Խաչի ինքնաշարժներով Արցախ պիտի վերադառնան 9 հիւանդներ՝ իրենց ընկերակցողներուն հետ։ Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Արցախի առաքելութեան ներկայացուցիչ Էթերի Մուսայէլեան։
«Մենք բոլոր որոշում կայացնողների հետ շարունակական քննարկում ենք բոլոր այն հարցերը, որոնք վերաբերում են մեր աշխատանքի մանրամասներին, եւ թէ ինչպէս ենք աշխատելու, քանի որ այս գործընթացում մենք չէզոք միջնորդ ենք, որի նպատակն է իրականացնել մարդասիրական գործունէութիւն, որը համաձայնեցուած է եղել բոլորի կողմից», նշեց ան:
Յայտնենք, թէ վերջին անգամ 29 Յուլիսին էր, երբ Կարմիր Խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու ընկերակցութեամբ Երեւան տեղափոխուեցան հիւանդներ, եւ այդ օրն էր, երբ ատրպէյճանցիները անցակէտէն առեւանգեցին սրտի վիրահատութեան համար Երեւան տեղափոխուող Վագիֆ Խաչատրեանը։
Ասոր զուգահեռ, Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէ 8 ամիս անընդհատ փակուած պահուելուն պատճառով, դեղորայքի եւ ուտելիքի խիստ սղութեան եւ շարունակական ճնշուածութեան բերումով՝ պաշարուած Արցախի մէջ նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ աւելցած են կարգ մը հիւանդութիւններ։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածեց Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ դիտել տալով, որ անցնող եօթը ամիսներուն՝ Յունուարէն Յուլիս, մահերու շարքին արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններէն արձանագրուած է մահերու աճ՝ առաւել քան 2 անգամ, ներառեալ՝ սուր եւ քրոնիկ սրտային անբաւարարութենէ մահերու աճ՝ 66 տոկոսով, սրտամկանի սուր տագնապ՝ 20.8 տոկոսով, ուղեղի կաթուած՝ 8.8 տոկոսով։
Եօթը ամսուան ընթացքին չարորակ նորագոյացութիւններէ մահերու թիւը աւելցաւ 15.9 տոկոսով։ Մահուան դէպքերու աւելնալուն պատճառներէն են անհրաժեշտ դեղորայքի սղութիւնը կամ բացակայութիւնը, կեանքի որակի փոփոխութիւնը, պատշաճ բժշկական օգնութեան կարելիութիւններու խիստ սահմանափակումը, որոնք կը կրճատեն ապրելու կարելիութեան աստիճանը։
Յունուարէն Յուլիս՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ գտնուող յղի կիներուն մօտ արեան սակաւութեան մակարդակը հասած է շուրջ 90 տոկոսի, որուն պատճառը ոչ-բաւարար ուտելիքը եւ համապատասխան դեղերու սղութիւնը կամ բացակայութիւնն է։
Հանրապետութեան Շտապ օգնութեան ծառայութեան մօտ Յուլիսին յաճախակի դարձան ուշագնացութեան դէպքերու մասին ահազանգերը։ Նախորդ տարուան Յուլիսին հետ բաղդատած՝ անոնք աւելցած են 91 տոկոսով։
«Մահուան եւ հիւանդութիւնների դէպքերի նշուած եւ այլ ցուցանիշների աճը պայմանաւորուած է Արցախի շրջափակման եւ, այնուհետեւ, լիակատար պաշարման հետեւանքով առաջացած առողջապահական լրջագոյն խնդիրներով, ներառեալ՝ դեղորայքի ու բժշկական պարագաների սղութեամբ կամ բացակայութեամբ, բնակչութեան թերսնմամբ, սթրեսով (ճնշուածութեամբ), պլանային (ծրագրուած) վիրահատութիւնների ու հետազօտութիւնների դադարեցմամբ, Հայաստանում եւ արտերկրում բուժօգնութիւն ստանալու հնարաւորութիւնների խիստ սահմանափակմամբ եւ այլն: Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնն ահազանգում է, որ Ադրբեջանի կողմից Արցախի լիակատար պաշարման շարունակման դէպքում նշուած եւ այլ ցուցանիշներն էլ աւելի մեծ չափով են աճելու՝ յանգեցնելով բազմաթիւ մարդկանց մահերի ու առողջական վիճակի վատթարացման: Առողջապահութեան համակարգը հնարավորինս կատարում է իր առջեւ ծառացած այս ծանր մարտահրաւէրների հետեւանքների մեղմացման ուղղութեամբ, սակայն Լաչինի միջանցքով մարդկանց, մեքենաների եւ բեռների տեղաշարժի ամբողջական արգելափակումը պարզապէս անհնար են դարձնում համակարգային ու լիարժէք առողջապահական լուծումների ապահովումը», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: