Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ, արժաթինցի փաստաբան Լուիս Մորենօ Օքամփոյի՝ Լեռնային Ղարաբաղի նուիրուած վերջին յայտարարութիւնը «կողմնակալ» նկատեց՝ պնդելով, որ անոր մէջ բազմաթիւ «չհիմնաւորուած պնդումներ ու մեղադրանքներ կան»:
«Զեկոյցը կողմնակալ բնոյթ ունի, անիկա կ՛աղաւաղէ տեղւոյն իրավիճակը եւ լուրջ փաստացի, բովանդակային ու իրաւական սխալներ կը բովանդակէ», ըսաւ ան:
Օքամփօ դիտել տուաած էր, որ հետազօտութեան եւ վերլուծումներու արդիւնքները շատ յստակ են՝ Լաչինի միջանցքին փակումով, Ատրպէյճանի կողմէ այժմ Արցախի մէջ կը կատարուի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւն, եւ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է հրատապ եւ գործուն քայլերով կանխել անոր հետագայ ընթացքը: