
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բժիշկ Արամ Սահակեան ծնած է 9 Նոյեմբեր 1884ին, Կեսարիոյ Կերմիր գիւղը: Գրչանունը եղած է Սալբի:
1906ին աւարտած է Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանը: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Ուսանողութեան տարիներուն, անդամակցած է ՀՅԴին: Սալբի գրչանունով աշխատակցած է «Ազատամարտ» պարբերականին:
1914-1918 տարիներուն՝ Ա. Աշխարհամարտին, զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է իբրեւ զինուորական բժիշկ: Գերի ինկած է անգլիական ուժերուն ձեռքը եւ իբրեւ ռազմագերի՝ տեղափոխուած է Փոր Սայիտ, ուր եղած է մուսալեռցի գաղթականներուն բժիշկը: Այդ օրերու յուշերը արձանագրած է իր «Ալեակներ Եւ Խլեակներ» ու «Մեր Խաչը» գիրքերուն մէջ:
1918ին ազատ արձակուած է եւ վերադարձած է Պոլիս, ուր ունեցած ազգային եւ գրական բեղուն գործունէութիւն: Աշխատակցած է «Ճակատամարտ» թերթին:
Ապա ան տեղափոխուած է Փարիզ եւ հոն ապրած է քանի մը տարի, վարած է հանրային եւ հասարակական գործունէութիւն:
1922ին հաստատուած է Ռումանիա, ուր ապրած է աւելի քան 20 տարի: Ռումանիոյ Պատգամաւորական ժողովին, ներկայացուցած է Պազարճըքի եւ Պուքրէշի հայ համայնքները: Խումբ մը հայ բժիշկներու հետ գլխաւորած է Պուքրէշի հայկական բուժարանի աշխատանքները, անվճար բուժած է կարիքաւոր հայ հիւանդներ, ինչպէս նաեւ պատերազմի տարիներուն՝ 1942-1945ին, բժշկական եւ այլ տեսակ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերած է խորհրդային ռազմագերիներուն:
1944-1946ին եղած է Պուքրէշի Հայ մշակոյթի տան վարչութեան նախագահը։ Աշխատակցած է Պոլսոյ, Փարիզի եւ ռումանահայ պարբերական մամուլին: Գրած է շատ մը երկեր, երգիծական յօդուածներ («Յուշեր Եւ Փուշեր» ընդհանուր խորագրին տակ) եւ բժշկագիտական յօդուածներ:
Հրատարակած է «Հայ Վրանաքաղաքին Տարեգիրքը»՝ 1919ին, «Մեր Խաչը»՝ 1921ին, «Պատգամաւոր Շուները»՝ 1945ին, «Դէպի Հայրենիք․ Թռչուններու Հասարակապետութեան Մէջ» վէպերը։ «Մեր Խաչը» ը հրատարակուած է նաեւ անգլերէնով՝ Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա:
Սալբի գրչանունի կողքին, երբեմն ստորագրած է Սիրիուս ծածկանունով:
Բժիշկ Արամ Սահակեան մահացած է 17 Յունիս 1968ին, Պուքրէշ:
(*) Բժիշկ Արամ Սահակեանը-Սալբին Պէյրութի նշանաւոր Արամ Սահակեանը չէ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, «Օսմանեան Կայսրութիւնում Եւ Թուրքիայի Հանրապետութիւնում Բռնաճնշումների Եւ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Հայ Բժիշկներ», Երեւան, 2014։
2. Գէորգեան Կարօ, «Ամէնուն Տարեգիրքը», Պէյրութ, 1967:
3. «Ուիքիփետիա», ազատ հանրագիտարան, «Արամ Սահակեան, Սալբի»։
4. AV Production, «Սալբի, Արձակագիր, Բժիշկ»:
5. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018: