3էն 5 Օգոստոսին, հայութեան դիւտանկիւնէն արձանագրուեցան երկու կարեւոր յաղթանակներ։
Առաջինը արձանագրուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ. նախագահ Ճորճ Պուշ, տարի մը տեւած խուսանաւումներէ ետք, ի վերջոյ հարկադրուեցաւ յետս կոչել Հայաստանի մօտ դեսպանի պաշտօնին իր առաջադրած Ռիչըրտ Հոկլընտի թեկնածութիւնը։
Հազիւ երկու օր ետք, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ. Լեռնալիբանանի Մեթն գաւառի ընտրութիւններուն, յաղթանակ արձանագրեց տոքթ. Քամիլ Խուրի, որուն նեցուկ կանգնողներուն շարքին էր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ու զայն իր կամքին արտայայտիչը ընտրած հայ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը։
Երկու դէպքերն ալ կարեւոր յաղթանակներ էին հայութեան համար, արձանագրուած՝ իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթր հեռու, իրարմէ բոլորովին տարբեր ոլորտներու մէջ. Հոկլընտի թեկնածութեան յետս կոչումը դիւանագիտական ու քաղաքական յաղթանակ էր հաւասարապէս, որովհետեւ այսպէսով ոչ միայն կ՚արդիւնաւորուէին Հայ Դատի Յանձնախումբին անդուլ ճիգերը, այլ նաեւ՝ այս Յանձնախումբին զօրակցող բոլոր հայերը, որոնք նախընթաց ամիսներուն, ընդառաջելով իրերայաջորդ կոչերուն, նամակներով ու քաղաքական այլատեսակ միջոցառումներով պատնէշ բարձրացուցին Ցեղասպանութեան իրողութիւնը անտեսողի մը պաշտօնի կոչման դէմ։ Եւ յաջողեցան։
Լիբանանի մասնակի ընտրութիւններուն, ի յայտ եկան երկու ներհակ երեւոյթներ. Պէյրութի մէջ, ընտրութիւնները անգամ մը եւս ի յայտ բերին ապաժողովրդավար կացութեան մը առկայութիւնը. ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, անոնց շարքին՝ հայ քուէարկողները, մասնակցութիւն չբերին ընտրութիւններուն, տեսնելով, որ անոնք տեղի կ՚ունենան անարդար պայմաններու մէջ ու գրեթէ նշանակումի, եւ ոչ թէ արդար ու ազատ ընտրութիւններու պայմաններուն մէջ. քուէարկողներուն մասնակցութեան համեմատութիւնը՝ հազիւ 16.5 առ հարիւր, երկար մեկնաբանութիւններու չի կարօտիր…։ Մինչդեռ անդին, Մեթնի մէջ, քուէարկողներու համեմատութիւնը անցաւ 50 առ հարիւրը եւ արդիւնքը վճռուեցաւ քանի մը հարիւր քուէով։ Հետեւաբար, անկախ յաղթանակէն ու պարտեալէն՝ ազատ ու արդար քուէարկութիւնը, այսինքն՝ ժողովրդավարութիւնը եղան գլխաւոր յաղթականները։
Այս տողերուն նպատակը չէ երկար մեկնաբանութիւններ կատարել Լիբանանի ընտրութեանց ծալքերուն մասին, ոչ ալ կը միտինք քննարկել այն անուղղայ վիճակները, որոնք ստեղծուեցան Մեթնի ընտրութեանց նախօրեակին ու քուէարկութեանց օրը։ Այլ կ՚ուզենք լուսարձակի տակ բերել այն իրողութիւնը, որ հայութեան կամքին արտայայտութեան դիտանկիւնէն, իրարմէ հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ արձանագրուած զոյգ իրագործումները ջուր կը խմեն միեւնոյն աղբիւրէն, կ՚առաջնորդուին քաղաքական նոյն ուժին՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ եւ կը միտին մասնակի շահերէ անդին՝ հաւաքական շահերու եւ արդար նպատակներու։ Երկու յաղթանակներն ալ իրենց հետ բերին լուռ պատգամներ, թէ անհրաժեշտ է անարդար ու սխալ ընթացքներու սրբագրումը, ո՛ւր որ ալ կը կատարուին սխալները։
Աւելին, թէեւ զոյգ իրադարձութիւնները ձեւով ու խորքով կապ չունէին իրարու հետ, սակայն եւ այնպէս, ցոյց կու տան, թէ «փոքր» ու «տկար» դասուողները, անոնք ըլլան ժողովուրդ, կուսակցութիւն թէ քաղաքական գործիչներ, իրականութեան մէջ ո՛չ տկար են, ո՛չ ալ անյոյս։ Զոյգ իրադարձութիւնները վկայութիւն էին այն ճշմարտութեան, որ երբ կը հետապնդես արդար եւ ուղիղ ընթացք, երբ դատդ հիմնուած է ճշմարտութեան ու արդար իրաւունքի վրայ, ուշ կամ կանուխ յառաջխաղացք կ՚արձանագրես ու ամէնէն հզօր նկատուողներն անգամ տեղի կու տան արդարատենչ ընթացքիդ դիմաց։
Վերջապէս, այս իրագործումները նորագոյն ապացոյց մըն են նաեւ այն իրականութեան, որ Դաշնակցութիւնը կը հանդիսանայ հայութեան իրաւունքներուն ու Դատին հետապնդման գլխաւոր դրօշակիրը, ունի ուժականութիւնը արհամարհելու բոլոր այն թելադրանքները, որոնք իբրեւ թէ բխելով «իսկական քաղաքականութեան» (իսկութեան մէջ՝ մասնակի շահերու) հաշիւներէ, կը փորձեն հայութեան կառքը լծել այս կամ ջաղացքին, առաջնորդուիլ յեղյեղուկ ու անվաղորդայն հաշուարկներով ու «ներշնչումներով»։
Արձանագրուած յաջողութեանց համար, հաւասարապէս շնորհաւորելի են Հայ Դատի գործիչները, անոնց զօրակցող ժողովուրդն ու անոնց մղում տուող մարմիններն ու մեր արդար պահանջներուն զօրակցող պետական մարդիկը, Լիբանանի մեր քաղաքական գործիչները եւ մեր դաշնակիցները, այս բոլորէն անդին ու ամէնէն առաջ՝ շնորհաւորելի է հայ ժողովուրդը, ո՛ւր որ ալ գտնուի ան, ինչ հոսանքի ալ պատկանի, որովհետեւ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր, Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ դաշնակցական մարմիններուն առաջնորդած յաղթանակները կը վերադառնան հայ ժողովուրդին, կը պատկանին ողջ հայութեան։
Խոտորողներուն կը մնայ իրազեկ ըլլալ այս իրականութեանց. մեր պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ միասնական կեցուածքէ ու հասարակաց շահերէ որեւէ խոտորում՝ դատապարտուած է կորսուելու՝ անապատին մէջ անհետացող առուակի պէս։