Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց, որ ատրպէյճանցիները կրակեցին Եւրոպական Միութեան դիտորդներուն ուղղութեամբ ։ Աւելի ուշ դիտորդական առաքելութիւնը եւս հաստատեց լուրը։
«Մենք կը հաստատենք, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պարեկը ներկայ գտնուեցաւ մեր պատասխանատուութեան գօտիին մէջ արձակուած կրակոցներուն», յայտնեց առաքելութիւնը։
«Ադրբեջանի Զու ստորաբաժանումներն այսօր` 12:20ի սահմաններում, հրաձգային զէնքից կրակ են բացել Վերին Շորժայի ուղղութեամբ պարեկութիւն իրականացնող Եւրամիութեան դիտորդների եւ նրանց պատկանող աւտոմեքենայի ուղղութեամբ», հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ տուժածներ չկան։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս անդրադարձաւ այս լուրին՝ նշելով, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդները նախապէս ատրպէյճանական կողմը կը տեղեկացնեն իրենց տեղաշարժի երթուղիին, ինքնաշարժներու թիւերուն եւ տեսակներուն մասին։ «Ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները տեղեկացուած են առաքելութեան այցելութիւններուն մասին, այդ իսկ պատճառով միջադէպը, որուն մասին կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, տեսականօրէն եւ գործնականին մէջ կարելի չէ», Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։