Ատրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան եւ միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ հաղորդեց, որ Լաւրով եւ Պայրամով յատկապէս կարեւոր նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը շտապ թուլացնելու ուղղութեամբ աւելի կանուխ համաձայնեցուած քայլերու, որոնց կարգին՝ մարդասիրական երթուղիներու, ներառեալ` Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը:
Ընդգծուեցաւ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կայունացման համար, Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ առաջնորդներուն միջեւ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններու կատարումը այլընտրանք չունի:
«Նախարարները համաձայնեցան, որ այդ ուղղութեամբ յստակ աշխատանքը քաղաքական-քարոզչական նախաձեռնութիւններով փոխարինելու փորձերը հակարդիւնաւէտ են», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ «The National Interest»ին մէջ հրապարակած իր յօդուածին մէջ դիտել կու տայ, որ գնդակը հիմա Հայաստանի դաշտին մէջ է։ «Պաքու դարձեալ պահանջեց Հայաստանէն ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, հրաժարիլ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային նկրտումներէ եւ դուրս բերել զինուած ուժերը Ատրպէյճանի տարածքէն», կ՛ըսէ ան՝ շեշտելով, որ բացի ասկէ այլ ճամբայ չկայ։
«Հայաստանի իշխանութիւններու բանաւոր յայտարարութիւնները` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու մասին, պէտք է ձեւակերպուին խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ: Ատրպէյճան առաւ առաջին քայլերը խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ, գնդակը հիմա Հայաստանի դաշտին մէջ է», կը պնդէ Հաճիեւ։