
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Գուրգէն Կարօ Գասապեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2023ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church (կարմիր եկեղեցի) մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Drive, Los Angeles, CA 90068:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սոնա Գասապեան
Դուստրը՝ Նորա եւ Վահէ Ենիգոմշեան եւ զաւակները՝ Էրիք եւ Նիքըլըս
Զաւակը՝ Լէօ եւ Փաօլա Գասապեան եւ զաւակները՝ Հրակ եւ Այգի
Եղբայրը՝ Վիգէն եւ Սեդա Գասապեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Զաւէն եւ Սոնա Գասապեան եւ ընտանիք
Անորորդին՝ Հրայր եւ Մարկըրիթ Այվազեան եւ ընտանիք
Խնամին՝ Սահակ եւ Ռիթա Արապեան եւ ընտանիք
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Համազգայինին կամ Ֆերահեան Ազգային վարժարանին (indicate in memo: Kourken Kassabian)
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր բոլոր մասնաճիւղերն ու միաւորները կը սգան ԳՈՒՐԳԷՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ 9 Օգոստոս 2023ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Գուրգէն Գասապեան եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի հիմնադիրներէն եւ անոր առաջին Շրջանային վարչութեան ատենապետը. ան եղած է նաեւ Համազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Ան երկար տարիներու վաստակ ունի մեր շրջանի Համազգայինի հաստատման ու ծաղկման մէջ: Ունեցած է նաեւ հասարակական ու եկեղացանուէր գործունէութիւն շրջանի գաղութի կեանքին մէջ:
Իր մշակութանուէր ծառայութիւններուն եւ օրինակելի նուիրումին համար, Համազգայինը երախտապարտ պիտի մնայ Գուրգէն Գասապեանին: Յիշատակը անմար:
Այս տխուր առիթով, խորազգաց ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի կնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՈՒՐԳԷՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆի՝ Համազգայինի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղի հիմնադիրին, մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։