Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ արձագանգեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստին Արցախի մէջ տիրող կացութեան վերաբերող քննարկման՝ յայտարարելով, թէ յոյսը կը դնէ Պաքուի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին Երեւանի կառուցողական մօտեցման վրայ:
«Ատրպէյճան յոյս ունի, որ Հայաստան վերջապէս կը հասկնայ, որ հարցերու լուծման ուղին կառուցողական փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւական եզրերու եւ պարտաւորութիւններու ազնիւ իրականացումն է», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Պաքու այն կարծիքը ունի, որ՝ «ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը սեփական սպառնալիքի համար օգտագործելու՝ Հայաստանի փորձը ձախողեցաւ»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Ատրպէյճան խաղաղութիւն առաջարկած է Հայաստանին՝ երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ յարգանքին հիման վրայ: «Մենք վճռական ենք պաշտպանելու մեր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը բոլոր օրինական միջոցներով, որոնք նախատեսուած են ՄԱԿի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային իրաւունքով», յայտարարեց Պաքու:
«Ատրպէյճան հաւատարիմ է կառուցողական փոխգործակցութեան բոլոր կողմերուն հետ, որոնք անկեղծօրէն շահագրգռուած են նպաստելու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդպիսով պատրաստ են նպաստելու տարածաշրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան եւ կայունութեան», եզրափակեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: