Հոլանտայի խորհրդարանի գրեթէ ամբողջ կազմը հրատապ կարգով դիմեց Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարին եւ վարչապետին՝ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուխտով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան միջոցներու ձեռնարկելու՝ կանխելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող հայերու ցեղասպանութիւնը:
Այս մասին «Էքս»ի իր էջին վրայ կը յայտնէ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը (FAON)՝ տեղադրելով համապատասխան դիմումը:
