Անցնող քանի մը տարիներէ ի վեր Հայց. Եկեղեցւոյ արեւմտեան թեմը յարաբերութեան մէջ է Կարմիր խաչի հետ եւ թեմին կողմէ որպէս ներկայացուցիչներ նշանակուած են Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ, իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան եւ Հայկ Մադոյեան:
Երկուշաբթի առաւօտ, Յունիս 18ին Կարմիր խաչի ներկայացուցիչ Փօլ Շուլց առաջնորդարան այցելելով հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Յ. Կանիմեան: Տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց: Փօլ Շուլց տեղեկութիւններ տուաւ Կարմիր խաչի գործունէութիւններուն մասին: Սրբազան հայրը վստահեցուց, թէ Արեւմտեան թեմը միշտ պատրաստ է աղէտներու պարագային օգնութեան ձեռք երկարերու Կամիր խաչի միջոցաւ: Յարգելի հիւրը գոհունակ սրտով բաժնուեցաւ առաջնորդարանէն: