
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը վշտակցեցաւ մահուան գուժին Կ. Յովհաննիսեանի, որ 15 Օգոստոս 2023 Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակման պատճառով՝ սովահար մահացաւ։
«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ հիմնարկին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 12 Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Արցախի շրջափակման պատճառով աւելցած են թերսնուցման, վիժումներու եւ բժշկական բարդութիւններու պարագաները, որոնք արդիւնք են պատշաճ սնուցման եւ բժշկական օգնութիւն ստանալու անմատչելիութեան: Ստորեւ՝ հաղորդագրութիւնը.
«Այժմ շրջափակումը սկսաւ պատճառ դառնալ սովէն Արցախի հայ քաղաքացիներու ուղղակի մահուան: Այս շրջափակումը ցեղասպան է իր նպատակներով, այն է` ոչնչացնել Արցախի հայ բնակչութիւնը կա՛մ զանգուածային տեղահանութեան եւ կամ զանգուածային սովի միջոցով: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ինք բազմիցս յայտարարեց այդ մասին, նաեւ՝ 29 Մայիս 2023ի իր յայտարարութեան մէջ, երբ սպառնացա՝ ըսելով. «Երրորդ անգամ հրաւէր պիտի չըլլայ՝ կա՛մ իրենք խոնարհաբար պիտի գան մեր մօտ, կա՛մ իրադարձութիւնները պիտի զարգանան այլ ուղղութեամբ: Մենք ունինք բոլոր կարելիութիւնները այս տարածաշրջանին մէջ որեւէ գործողութիւն իրականացնելու: Հետեւաբար, «խորհրդարանը» պէտք է լուծարուի, ինքնիրեն «նախագահ» անուանող տարրը պէտք է յանձնուի, բոլոր «նախարարները», «պատգամաւորները» եւ միւսները արդէն պէտք է հեռանան իրենց պաշտօններըէն: Միայն այդ պարագային կարելի է խօսիլ որեւէ համաներման մասին»:
«Լեմքինի հիմնարկը կ՛ուզէ պարզաբանել, որ այնպիսի առաջնորդներ, ինչպէս են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լայեն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ միւս բոլոր առաջնորդները, որոնք ստեղծած են այս անպատժելիութիւնը, որմով այժմ կը գործէ նախագահ Ալիեւ, ուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրեն այդ մարդու մահուան, ինչպէս նաեւ ոեւէ այլ անձի, որ կրնայ զոհուիլ այդ շրջափակման պատճառով: Անոնք եւս կրնան ներգրաւուած ըլլալ ցեղասպանութեան յանցագործութեան մէջ:
«Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը կ՛ուզէ անգամ մը եւս պարզաբանել, որ ոեւէ անձ եւ-կամ պետութիւն, որ թոյլ կու տայ Ատրպէյճանին շրջափակել Արցախը` ըլլայ այդ ուղղակիօրէն օտարերկրեայ օգնութեան միջոցով թէ անուղղակիօրէն, հրաժարելով օգտագործել իրենց տրամադրութեան տակ եղած բոլոր դիւանագիտական գործիքները, կը հանդիսանայ այդ ցեղասպանութեան մասնակից՝ Արցախի Հանրապետութեան 120 հազար քաղաքացիներու եւ կրնայ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ դատարանին մէջ՝ յանցակցութեան համար:
«Խստօրէն անհրաժեշտ է որ միջազգային առաջնորդները անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկեն Ատրպէյճանի դէմ ` Արցախի Հանրապետութեան մէջ հետագայ մահերը կանխելու համար»։