Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց գանատահայ (Յունաստանէն գաղթած) մտաւորական, երկար տարիներու կրթական մշակ՝ Մարգար Շարապխանեան։
Շարապխանեան ամոլը հայրենադարձած եւ բնակութիւն հաստատած էր Արագածոտնի Ուշի գիւղին մէջ։
Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի ամէնօրեայ հայկական վարժարանը հրապարակած է մահագրութիւնը՝ յիշատակելով, որ Շարապխանեան հիմնադրած եւ երկար տարիներ վարած է վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։
2017ին, ան «Հորիզոն»ին ըսած էր հետեւեալը. «Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած եմ , բայց ոչ մէկ տեղ՝ ո՛չ Յունաստանի, ո՛չ Իտալիոյ եւ ո՛չ ալ Գանատայի մէջ, ես հայ զգացած եմ. իմ ինքնութիւնը միայն Հայաստանի մէջ կը զգամ: Ես կը հաւատամ Հայաստանի գիւղերուն, եւ Հայաստանի գիւղերու տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ»։