Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ աւարտեցաւ աշխարհի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական՝ 20 տարեկանէն վար, ախոյեանութիւնը:
60 քլկ. դասակարգի մրցումներուն, Սուրէն Աղաջանեան ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին: 4 մենամարտներ կատարելէ եւ ընդհանուր 32-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Աղաջանեան աւարտականին 13-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանի ներկայացուցիչը եւ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:
67 քլկ. դասակարգի աւարտական մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան 2-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Իսկ պրոնզէ մետալին տիրանալու համար, իրենց կատարած մրցումներուն Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Ռուբէն Գէորգեան (82 քլկ.) եւ Արշակ Գեղամեան (97 քլկ.), ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:
Աւելի կանուխ, Հայաստանի համար առաջին մետալը (պրոնզ) ապահոված էր Վիգէն Նազարեան` 87 քլկ. դասակարգի մրցումներուն:
Հայաստանի հաւաքականը 20 տարեկանէն վար այս ախոյեանութեան իր ելոյթները աւարտեց` տիրանալով մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալի եւ խմբային դասաւորման մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը:
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականին մէջ, միայն Էդիկ Յարութիւնեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, 57 քլկ. դասակարգի մրցումներուն 8-4 արդիւնքով յաղթելով իր ատրպէյճանցի մրցակիցին: