
ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ
Կիրակի, 13 Օգոստոսին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ եւ հոգեհանգիստ հանգուցեալ ցեղասպանագէտ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան չորրորդ տարելիցին առթիւ, մասնակցութեամբ «Արարատ Տան» «էսքիճեան» թանգարանին, «Նոր Սերունդ»ին, Համազգայինին, Իրանահայ եւ Իրաքահայ միութիւններուն, Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան (NAASR), «Խոստում» հայկական հիմնարկին եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան:

Երեկոն սկսաւ տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեանի մելանոյշ մեղեդիներով:
Բացման խօսքը կատարեց կրթական մշակ Ռոզալին Մատոյեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք հրաւիրեց բոլորը՝ յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ փրոֆ. Տատրեանի ի յիշատակ, ապա ան հրաւիրեց հոգեւորականաց դասը՝ առաջնորդութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեանի եւ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու եւ օրհնելու յիշատակի համար պատրաստուած հրուշակը եւ խաղողը, տրուած ըլլալով, որ այդ օր կը զուգադիպէր Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին:
Ներկայ էին քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, Պոլսահայ միութեան վարչականներ, փրոֆ. Թաներ Աքչամ եւ այլ հիւրեր:
Երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք օրուան հանդիսավարուհին ընթերց Տատրեանի հակիրճ կենսագրականը, ապա ամպիոն հրաւիրեց առաջին զեկուցողը՝ «Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի Մէկի Մանկասարեան Կօշինը:
Կօշին խօսեցաւ փրոֆ. Տատրեանի հետ իր ծանօթութեան մասին։ Ան ճամբորդեց դէպի Տատրեանի տունը Ուորչեսթըր՝ 70 տարիներու հին շէնքի մը մէջ: Ան տեսաւ անոր գրադարանը եւ հմայուեցաւ: Ան ստացաւ Տատրեանի արխիւները եւ գրքերը ու համաձայնեցաւ USC-ի հետ՝ կայքի մշակման համար: Ամէն տարի ան կ՛երթային աւելի շատ արխիւներ բերելու, երբ Տատրեանի առողջական վիճակը սկսած էր վատանալ: Մէկին կապ հաստատած էր տանտիրոջ հետ եւ պայմանաւորուած. ան կրցաւ ըլլալ արխիւի պաշտօնական սեփականատէրը։ Փրոֆ. Աքչամ ղեկավարեց զայն եւ 13 տարիներ ետք, երիտասարդ ուսանողներու եւ կամաւորներու օգնութեամբ՝ կրցան արխիւները վերջնական ձեւի բերել:
Երկրորդ զեկուցողը՝ փրոֆ. Աքչամ, յայտարարեց, թէ իսկապէս գանձ է այն, ինչը ունինք Տատրեանէն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կօշինին՝ իր ցուցաբերած օգնութեան եւ հայագիտութեան մէջ անոր ունեցած աւանդին համար։ Աքչամ յայտնեց, թէ Արամ Անտոնեանի եւ Գրիգոր Կերկերեանի նման վերապրածներն էին, որոնք փորձեցին հաւաքել օսմանեան արժէքաւոր փաստաթուղթերու գոյատեւման համակարգուած յուշագրութիւնները եւ արխիւային փաստաթուղթերը, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստագրութիւն մը ապահովելու համար:
«Վահագն Տատրեանի խօսքերը կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութեան ոլորտի իրական հիմքը եւ կամուրջը հին աշխարհի եւ նորի միջեւ», ըսաւ ան՝ Տատրեանի կողքին դասելով փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը: «Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը մեծապէս յառաջադիմած է շնորհիւ վաղ ռահվիրաներու տասնամեակներ տեւած անխոնջ ջանքերուն: Այս պահուն, Վահագն Տատրեանի անուան մրցանակով փրոֆ. Մայքըլ Պէյզլըրի պարգեւատրումը աւելի իմաստալից կը դառնայ: Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ: Փրոֆ. Պէյզլըր այս մարզին ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն է։ Անոր արժէքաւոր ջանքերը Ողջակիզումի յուշերու վերականգնման մէջ անոր տուկած են նշանաւոր տեղ այս քարոզարշաւին մէջ: Ան կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին ուղղութեամբ իր ջանքերը», եզրակացուց փրոֆ. Աքչամ, ապա իր շնորհաւորանքները յայտնեց մեծարուողին:


Այնուհետեւ տուտուկահարը նուագեց «Պինկէօլ»ը եւ «Ատանայի Ողբ»ը:
Երրորդ բանախօսն էր դատաւոր Զաւէն Սինանեան, որ ներկայացուց մեծարուող փրոֆ. Պէյզլըրը։ Ան նշեց իր կապը Պէյզլըրի հետ, երբ ան ստանձնած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցում ապահովելու պարտաւորութիւնները՝ հետեւելով փրոֆ. Յովհաննէսեանին եւ փրոֆ. Տատրեանին։ Դատաւոր Սինանեան կարդաց Պէյզլըրի մանրամասն կենսագրութիւնն եւ ձեռքբերումները: Ան յայտնեց, որ Պէյզլըր թալանուած հայկական արուեստի գործերու վերադարձը ապահովելու ջանքերուն յառաջամարտիկն է։ Ապա ան հրաւիրեց փրոֆ. Պէյզլըրը՝ իր մրցանակը ստանալու։
Հրաւիրուեցան նաեւ միութեան Գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, հոգաբարձու եւ Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, Գործադիր յանձնախումբի ատենադպիր Սերժ Պուլանըքեան եւ Մշակութային յանձնախումբի փոխատենապետ Կարպիս Սարաֆեան, որպէսզի կատարեն մետալի տուչութիւնը: Խօսք առաւ տոքթ. Քէօշքէր՝ նշելով. «Մեծ հաճոյքով «2023ի Ցեղասպանութեան Գիտնական Մրցանակ»ը կը շնորհենք ականաւոր ցեղասպանագէտ փրոֆ. Մայքըլ Պէյզլըրին, Ողջակիզման եւ մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ իր կատարած աշխատանքին համար»։
Փրոֆ. Պէյզլըր շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան՝ այս պատիւը իրեն ընծայելուն համար, ինչպէս նաեւ նախորդ բանախօսներու ելոյթներուն համար: Ան յայտարարեց, որ տեղեակ չէր, թէ ի՛նչ կատարուած էր հայ ժողովուրդին հանդէպ, մինչեւ այն ատեն, երբ ունկնդրած էր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի ներկայացում մը։ Ան նշեց, որ աշակերտներուն մէջ որոշ եռանդ մը կայ, երբ դասաւանդութիւններէ ետք կը խօսի իրենց հետ, եւ անոնք կը խօսին իրենց նախնիներուն կատարուածին մասին: «Զարմանալի է տեսնել, որ հայ սերունդը այդ յուշը իր հետ կը տանի, եւ այդ շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա իրենց ինքնութիւնն է», ըսաւ Պէյզլըր:
Ան շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն զանգուածային սպանդ էր, այլ զանգուածային գողութիւն էր։ «Հայկական թալանուած արուեստը զիս հետաքրքրեց», աւելցուց ան՝ մանրամասնութիւններ տալով գողցուածները վերադարձնելու աշխատանքին մասին։
Շնորհաւորանքներով եւ աղօթքով ու Պոլսահայ Միութեան հանդէպ գնահատանքի խօսքերով փակուեցաւ գիշերը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, երբ ներկաները իրարու հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:
Նշենք, թէ Նիւ Եորքի մէջ մահացած փրոֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն: