
Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ հրապարակաւ ճանչնալու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Մեր դիրքորոշումը նոյնն է թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի մէջ: Մեզի համար ամէնէն կարեւորը այս փակուղիէն դուրս գալն է, որպէսզի մարդասիրական իրավիճակը բարելաւուի, եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան կեանքի պայմանները բարելաւուին: Ասիկա մաս կը կազմէ զինադադարի համաձայնութեան, եւ մենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք՝ վերադառնալու բանակցութիւններուն` ըլլա՛յ այդ Ուաշինկթընի, թէ որեւէ այլ վայրի մը մէջ: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի վարչապետին համարձակութիւնը, երբ ան հրապարակաւ ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ նոյնը ընելու», ըսաւ ան։
Լահպիպ դիտել տուաւ, որ բանակցային տարբեր ձեւաչափերով եւ բարձրագոյն մակարդակով բանակցութիւններ կան, սակայն խորքին մէջ կարիք կայ զանոնք իրագործելու կամքի։ «Իբրեւ Եւրոպական Միութեան աշխոյժ անդամ, շուտով նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ապագայ նախագահող, մենք պիտի ամրապնդենք եւ աշխուժացնենք մեր մասնակցութիւնը այս բոլոր գործընթացներուն, որոնց կարգին՝ մեր դեսպանութեան միջոցով, զոր պիտի ունենանք Երեւանի մէջ», ըսաւ ան։
Միրզոյեան, իր կարգին խօսելով այն մասին, որ Ատրպէյճան ցարդ հրապարակաւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ ճանչցած: Ըստ անոր՝ միջնորդները պէտք է հետամուտ ըլլան, որ իրենց միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչուին։
«Մինչ այժմ մենք չենք լսել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Ադրբեջանի ղեկավարութեան հրապարակային խօսքերը, մինչդեռ, այդպիսի խօսքեր լսել ենք փակ հանդիպումների ընթացքում: Եւ սա մեզ համար խիստ մտահոգիչ է ու կարող է վկայել այն մասին, որ Ադրբեջանը տարածքային յաւակնութիւններ ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնից: Ոչ միայն չեն պահւում պայմանաւորուածութիւնները, այլեւ մենք ճիշդ հակառակ գործընթացների ենք ականատես լինում, մասնաւորապէս, մինչ մենք խօսում ենք այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների ու անվտանգութեան հասցէագրումը պէտք է լինի կարգաւորման մաս, իրականութեան մէջ մենք տեսնում ենք Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման միջոցով մի ամբողջ տարածաշրջանի, ժողովրդի պաշարում, սովամահութեան դրդում: Կարեւորում ենք պայմանաւորուածութիւնների կեանքի կոչումը», յայտնեց Միրզոյեան։
Լրագրողները նախարարէն խնդրեցին մեկնաբանել մամուլի այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներ կը խոչընդոտէ Լաչինի միջանցքի հարցով բանաձեւի ընդունումը: «Կարծում եմ, որ Միացեալ Նահանգներում շատ լաւ հասկանում են Լեռնային Ղարաբաղում հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամի չափերն ու ահագնացող տեմպերը (կշռոյթը), ինչպէս նաեւ գիտակցում, որ հնարաւոր ՄԱԿ ԱԽի բանաձեւը կը գար օգնելու` հանգուցալուծել, վերջ դնել հումանիտար ճգնաժամին եւ կողմերին վերադարձնել բանակցային օրակարգին», ըսաւ Միրզոյեան: