Հրանդ Տինքի ոճրագործներու դատավարութիւնը, որ սկսաւ Յուլիս 3ին, անգամ մը եւս սեղանի վրայ կը դնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայի ու ապագայի հարցը։ Արդար դատավարութիւն մը պարտի բացայայտել «Ակօս»ի խմբագրի սպանութեան իսկական հեղինակներն ու դրդապատճառները։ Ի մասնաւորի՝ անոնց կապերը թուրք քաղաքական շրջանակներու, ուժային կառոյցներու, անվտանգութեան մարմիններու, մէկ խօսքով՝ այսպէս կոչուած «խորքային պետութեան» հետ։ Տինքի ընտանիքին, պաշտպան փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ թուրք ժողովրդավարներուն համար կասկած չկայ, որ սադրանքին թելերը կը տանին դէպի այդ վարկածը, որու մասին, ի դէպ, արդէն շատ գրուած է եւ որու գոյութեան փաստերը չեն պակսիր։ Թրքական ոստիկանութիւնը, այսինքն պետութիւնը ինքնին, բնականաբար պիտի մերժէ նման որեւէ վարկած, եւ արդէն արտայայտուած է այդ մասին եւ ատեանին յղած է գրութիւն՝ ժխտելով որեւէ «մեծ եղբօր» գոյութիւնը։ Արդարութեան համար վատագոյն տարբերակը պիտի ըլլայ այն, որ սպանութիւնը բացատրուի որպէս զայրացկոտ անչափահասի մը հակազդեցութիւն, որ արդիւնք է իր ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու, սխալ բարեկամութիւններու, դաստիարակութեան պակասին, եւայլն։ Նման սենարիօ հեռու չէ յիշեցնելէ Սումկայիթը, ուր պարզապէս լռութեան մատնուեցաւ փոկրոմին էապէս հայատեաց բնոյթը եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հովանաւորութիւնը։
Առանց ոճիրի իսկական էութեան բացայայտման, Տինքի սպանութիւնը փաստօրէն իրագործած կ՚ըլլայ այն նպատակը, որուն համար ալ ծրագրուած էր. պետական ահաբեկչութեան ճամբով սարսափի մէջ պահել թրքահայութիւնը, ի մասնաւորի պոլսահայութիւնը, եւ տարհամոզել անոր յառաջադիմական տարրին՝ իր մասնակցութիւնը բերելու Թուրքիոյ մէջ ծիլ առնող ժողովրդավարացման շարժման։ Հարցը, բնականաբար, այդ շարժման թրքահայութեան բերելիք քանակական հաշուարկին մասին չէ։ Թուրքիոյ տարածքին, ընտրութիւններուն չկայ այսպէս կոչուած «թրքահայ քուէի» նկատառում որպէս քաղաքական հաշիւներու գործօն։ Սակայն թրքահայութեան գործօն մասնակցութիւնը թրքական հասարակութեան ժողովրդավարացման գործընթացին, կը բերէ նոր, եւ թուրք ազգայնականներու (քեմալական ըլլան անոնք թէ իսլամական) գնահատականով անշուշտ վտանգաւոր, որակ։ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդգրկումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման գործընթացի օրակարգին, եթէ մէկ կողմէ ժողովրդավարներու փոքրամասնական հատուածին համար բարացուցական է թուրք հասարակութեան եւ քաղաքական դասի ինքնաքննադատութեան եւ ինքնասրբագրումի պատրաստակամութեան, ինչպէս Չէթինի, Փամուքի, Աքչամի եւ այլոց կեցուածքով ի յայտ կու գայ, միւս կողմէ սակայն, ազգայնականներուն համար այն թէ՛ առաջին հերթին կը դիտուի որպէս ազգային հպարտութեան նուաստացում, ե՛ւ, ինչ որ չափով, ազգային անվտանգութեան սպառնալիք՝ ըլլայ ներքին պառակտումի, եւ ըլլայ Ցեղասպանութեան ընդունման անխուսափելիօրէն յաջորդելիք արդարահատուցման օրակարգի հեռանկարներով։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսուելու թապուի վերացումով ստիպողաբար թրքացած ու իսլամացած հայերու ժառանգորդները պիտի սկսին մտածել իրենց պարտադրուած ճակատագրին մասին, ինչպէս արդէն տեղի կ՚ունենայ։ Արդ, այդ մէկը պիտի առաջնորդէ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններու հարցի վերանայումին։ Ցարդ, Թուրքիոյ պաշտօնական քարոզչութիւնը երկիրը կը ներկայացնէ որպէս իսլամի ամենահանդուրժողական տիպը, գրեթէ օրինակելի բնորդ՝ իսլամ միւս հասարակութեանց եւ պետութիւններու համար։ Ճիշդ է, որ տակաւին Օսմանեան խալիֆայութեան օրերէն, եւ համաձայն Շարիային (իսլամական օրէնք), Թուքիոյ մէջ ոչ-իսլամ տարրը յարաբերաբար աւելի ազատ եղած է, քան ըսենք, այսօր, Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Սակայն ոչ իսկ եօթանասունամեայ քեմալականութիւնը կրցած է թրքական իսլամի, այսինքն հասարակութեան իշխող տարրի խորքային անհանդուրժողականութիւնը վերացնել։ Աւելի՛ն, այդ անհանդուրժողականութիւնը խառնուրդ մըն է զոյգ ինքնութիւններու։ Առաջին, իսլամի սիւննի մեծամասնութեան, ընդ որում Մարգարէի իսկական հետեւորդները իրենք սիւննիներն են, եւ անընդունելի են այլ թեքումներ, եւ, երկրորդ, թրքական էթնոսին, որուն երեւոյթներէն մէկն է, օրինակի համար, դեռեւս օսմանցիներու օրերէն արաբ տարրին հանդէպ թուրքերու ունեցած արհամարհանքին։
Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը հարցականի տակ պիտի դնէ, օրինակի համար, իսլամներու կրօնափոխութեան խստագոյն արգելքը։ Ժողովրդավար ու կրօնքի ազատութեան սկզբունքը յարգող ամէն հասարակութեան համար, կրօնափոխութիւնը անհատական խղճի հարց է։ Իսկ փաստ է, որ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէութիւն ընդունած իսլամներ հալածանքի կ՚եթարկուին, տակաւին առանց նշելու Մալաթիոյ մէջ Աւետարան հրատարակող տպարանի մը աշխատողներուն դաշունահարմամբ սպանութեան իրողութիւնը, կաթողիկէ կրօնաւորի մը ահաբեկումը:
Թուրք ժողովրդավարներու փոքրամասնութիւնը թերեւս այնքան ալ նեղութիւն չի պատճառեր քեմալական թէ իսլամական թեքումով ազգայնականներուն, եթէ իր օրակարգէն դուրս ձգէր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։ Ընդհակառակը, պատճառ չկայ նոյնիսկ մտածելու, որ թէկուզ եւ թուրք ժողովրդավարները կրնային գործօն ըլլալ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ, եւ օգտագործուէին իշխանութիւններու եւ ազգայնական քաղաքական շրջանակներու կողմէ որպէս բանակցական ազդակ։ Թուրք ազգայնականներ լաւագոյն պարագային կրնան թերեւս ընդունիլ ժողովրդավարներու որոշ պահանջներ, սակայն ոչ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը։ Հետեւաբար, Տինքի դատավարութիւնը նաեւ կրնայ պատգամ մը յղել թուրք ժողովրդավարներուն՝ զանոնք «հրաւիրելով» իրենց նախաձեռնութիւններէն դուրս ձգելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, եւ, ինչու չէ, ազգայնականներուն հետ միասնաբար աշխատելու, որ ժողովրդավարներու պահանջներն ու արժէքները նախ յարմարուին Թուրքիոյ ազգային շահերուն, եւ հոնկէ մեկնած դիւրացնեն Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան գործընթացը։ Այլ խօսքով՝ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումը կամ եւրոպական կառոյցներու մաս կազմելը անպայմանօրէն չեն յանգիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայաստանի հանդէպ թրքական կեցուածքի բարեփոխման, եւ կամ ընդհանրապէս Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան մէջ առկայ հակահայ, եթէ ոչ հայատեաց, ուղղուածութեան։
Տինքի դատավարութեան արդիւնքը, վերջին հերթին, պատգամ պիտի յղէ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հայութեան ընդհանրապէս։ Ե՛ւ արդարութեան լաւագոյն տարբերակին, ե՛ւ յոռեգոյն սենարիոյի պարագային, Հայաստանի պետութիւնն ու հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս պարտին ականջալուր եւ հակազդեցութեան պատրաստ ըլլալ։ Բնականաբար, Հայաստանի եւ հայութեան սպասումն է, որ դատավարութիւնը աւարտի ամենաարդար տարբերակով, որ ինքնին բարացուցական ըլլայ աւելի քան Թուրքիոյ մէջ անկախ արդարադատական իշխանութիւններու գոյութեան, եւ յուշէ թուրք քաղաքական շրջանակներու եւ հասարակութեան խորքային բարեփոխութիւնը։ Այդ հեռանկարին վրայ է, որ արդէն յոյս դրած էր Տինք եւ այդ յանձնառութեամբ ալ նահատակուեցաւ։ Դատավարութեան ամենաարդար աւարտի տարբերակը, օրինակի համար, թոյլ կու տայ լաւատես ըլլալ «առանց նախապայմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման» Երեւանի կեցուածքին թրքական դրական պատասխանի մը հեռանկարին, եւ այդ արդէն նոր էջ մը կրնայ բանալ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ։ Սակայն, ցաւօք, անկախ հայութեան համար ցականալիէն, մեծ է նաեւ հաւանականութիւնը, որ դատավարութիւնը յանգի ձեւականօրէն «արդար» վճիռի մը, որուն պատգամը պարզ եւ մեկին՝ հայութեան նկատմամբ Անգարայի անզիջողականութեան վերահաստատումն է։
Հարցը, հետեւաբար, դատավարութեան արդիւնքի թէ՛ առաջին, եւ թէ երկրորդ տարբերակներուն հակազդեցութեան մեր պատրաստուածութիւնն է։ Եթէ, օրինակի համար, դատաւորը քաջութիւնը ունենայ մինչեւ ծայր երթալու եւ բացայայտելու Տինքի սպանութեան մղիչ ազդակ հանդիսացած հայատեացութիւնը, ինչպէ՞ս այդ բացայայտումը պիտի օգտագործուի Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելու համար հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ։ Ի վերջոյ, անհրաժեշտ է յիշեցնել, որ անոր համար սպաննուեցաւ Տինք։ Կամ, ընդհակառակը, եթէ դատավարութիւնը եղաւ այն ինչ թերեւս, դժբախտաբար, նոյնիսկ կանխատեսելի է՝ ոչ աւելի քան արդարադատութեան թատերական ներկայացում մը, արդե՞օք այդ պարագային փոխանցուած անզիջողութեան պատգամը Երեւանը պիտի առաջնորդէ վերատեսութեան ենթարկելու «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ սկսելու» իր պատրաստակամութիւնը։ Եւ արդե՞օք այդ պարագային պիտի մտածուի թրքահայութեան պատանդային գոյավիճակին մասին։
Ամէնէն կարեւորը՝ այս նկատառումներով մտածուելիք հայ-թրքական յարաբերութիւններու նախապայման հայ-հայկական յարաբերութիւնները արդեօ՞ք սերտացած են ու հասած գոնէ սկզբնական եզրայանգումերու՝ նպատակներու ճշդման, առաջնահերթութիւններու ցանկագրման, աշխատանքներու համակարգման մէկ խօսքով՝ Հայաստան-Սփիւռք ազգային միացեալ ռազմավարութեան մը։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: