Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հերքեց լուրերը այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգները ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք բանաձեւ չստորագրեն: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այս նիւթին անդրադարձաւ՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին:
«Նախորդ Չորեքշաբթի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտի նախագահութեամբ խորհուրդը քննարկեց ընթացիկ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերող հարցերը: Բանաձեւի մը նախագիծը մենք չենք տեսած, եւ այն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգները անդամ երկիրները կը ճնշէ չստորագրելու բանաձեւ, բացարձակ կեղծիք են», նշեց դեսպանատունը։
Ան շեշտեց, որ ինչպէս նշուած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ խորապէս մտահոգել ամերիկեան կողմը.: «Մենք Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը քաջալերենք շուտափոյթ բանալ Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրական եւ մասնաւոր փոխարդութիւններու համար», ըսաւ ան:
Նախորդ շաբաթ Արցախի ճգնաժամի հարցով կայացած Ապահովական խորհուրդի քննարկման որեւէ փաստաթուղթ չընդունուեցաւ:
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միզոյեան 22 Օգոստոսին մեկնաբանեց մամուլի տեղեկութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգները խոչընդոտեց Լաչինի միջանցքի հարցով բանաձեւի ընդունման՝ ըսելով, որ չի կարծեր, թէ Միացեալ Նահանգները ոեւէ ձեւով կ՛ուզէ մաս կազմել ցեղային զտումներու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան։
«Արմէնփրէս»ը նման բանաձեւի նախագիծի մը ներկայացման վերաբերող հարցում ուղղեց նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատան, որ նշեց, թէ իրենք տեղեակ չեն Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերող ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի մը կամ յայտարարութեան մը վերաբերեալ ծրագիրներու մասին:
Թերթը հարցուցած էր, թէ Միացեալ Թագաւորութիւնը արդեօք նման նախաձեռնութեան կը պատրաստուի՞: «Միացեալ Թագաւորութիւնը կը շարունակէ խորապէս մտահոգ ըլլալ Լաչինի միջանցքի շարունակուող խափանումներուն գծով, ինչ որ կը խոչընդոտէ կեանքեր փրկող դեղորայքի, առողջապահական ծառայութիւններու եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներու մատակարարման ու ծառայութիւններու մատուցման` մարդասիրական հետեւանքներ յառաջացնելով տեղւոյն բնակչութեան համար։ Առ այդ, շատ կարեւոր է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի Փետրուար 2023ի որոշումը յարգուի` ապահովելու Լաչինի միջանցքով անխոչընդոտ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով: Թագաւորութիւնը տեղեակ չէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի մը կամ յայտարարութեան հետ կապուած ծրագիրներու մասին», պատասխանեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատունէն։