Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեան, մեկնաբանելով շրջան ընող լուրերը այն մասին, թէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Աղդամի ճամբան օգտագործելու առաջարկը ընդունելու որոշում տուած է՝ հաստատեց, որ որեւէ որոշում չէ տրուած։
«Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով՝ Աւանեսեան տեղեկացուց, որ Յարութիւնեան 22 եւ 23 Օգոստոսին փակ քննարկումներ ունեցած է պետական, քաղաքական եւ հանրային զանազան շրջանակներու հետ՝ քննարկելով Ատրպէյճանի կողմէ ամբողջական պաշարման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ ապահովական հարցերը, Արցախի իշխանութիւններուն ընելիքները եւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ տարբեր կեդրոններէ ստացուած միջնորդական առաջարկները:
«Որեւէ որոշում չի կայացուել, իսկ քննարկումները շարունակւում են, եւ նախագահ Յարութիւնեանը առաջիկայում իրավիճակի եւ իշխանութիւնների մօտեցումների վերաբերեալ տեղեկութիւնները հանրայնացնելու է անձամբ», ըսաւ Աւանեսեան:
Հայկական մամուլը տեղեկացուցած էր, որ Արցախի նախագահը Անվտանգութեան խորհուրդի 22 Օգոստոսինիստին տեղեկացուց, թէ Աղդամի ճամբով առեւտուր ընելու որոշում տրուեցաւ: Ըստ հրապարակումներուն` Աղդամով կը մտնեն շինանիւթ, վառելանիւթ, դեղորայք, իսկ ւտելիքը կը ներկրուի Լաչինով` ռուս խաղաղապահներուն միջոցով:
Ասոր զուգահեռ, «Ազատութիւն»ը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հարցուց, թէ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանէ՞ այն տեղեկութիւնը, թէ Արցախի իշխանութիւնները հակուած են համաձայնելու Աղդամի ճամբու բացման, եւ որ յառաջիկայ օրերուն այս հարցով կողմերուն միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Բարդայի մէջ:
«Ցանկացած հանդիպում, առանց միջազգային միջնորդների ներկայութեան, բաւականին մեծ ռիսկեր (վտանգներ) է պարունակում՝ յատկապէս հաշուի առնելով ԿԽՄԿ մանդատի (յանձնարարութեան) ներքոյ գտնուող Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգման փաստը, այն էլ ՌԴ խաղաղապահների ներկայութեամբ: Ինչ վերաբերում է Աղդամի ճանապարհին, ապա ԱՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեանն այսօր անդրադարձել է այդ թեմային», յայտնեց նախարարութիւնը՝ առանց յստակ պատասխան տալու։
Ստեփանակերտ ընդգծեց, որ նման բանակցութիւններ պէտք է ընթանան կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած միջազգային ձեւաչափի ծիրին մէջ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ երաշխաւորելու, որ բանակցութիւնները ընթանան միջազգային իրաւունքի եզրերուն եւ պահանջներուն համապատասխան:
«Արցախեան կողմը բազմաթիւ անգամ միջնորդների միջոցով հանդէս է եկել հանդիպումների մասին նախաձեռնութիւններով, ադրբեջանական կողմը սակայն մերժել է դրանք», նշեց նախարարութիւնը: