Շուտով կը լրանայ արձակագիր, լրագրող, հրապարակագիր եւ Հայաստանի մշակութային կարկառուն գործիչ ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի ծննդեան 75ամեակը։ Այս առթիւ Լոս Անճելըսի մէջ կազմուած է Գործադիր մարմին մը՝ պատուոյ նախագահութեամբ Սօնա Տիգրանեանի։ Հանդիսութեան հովանաւորութիւնը յանձն առած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան։
Յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2007ին, երեկոյեան ժամը 8ին, առաջնորդարանի (Պըրպէնք) «Գալայճեան» սրահին մէջ։
Այս առթիւ Գործադիր մարմինը շուտով հրաւէրներ պիտի սկսի ղրկել գաղութի բոլոր մշակութային ու հասարակական միութիւններուն, որպէսզի հանդիսութիւնը ունենայ իսկապէս համագաղութային հանգամանք ու ներկայացուցչութիւն, կազմելու յոբելենական յատուկ յանձնախումբը։
Վարդգէս Պետրոսեան նոր ժամանակներու հայ մամուլի առաջատարներէն մէկը հանդիսացած է։ Ան, որպէս «Գարուն» ամսագրի հիմնադիր ու խմբագիր, ինչպէս նաեւ հետագային Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ, իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձուցած է երիտասարդութիւնը եւ անոր խնդիրները, երիտասարդ տաղանդներու փնտռտուքն ու զանոնք քաջալերելը, ընկերային ու ազգային խնդիրները 60-70ական թուականներուն եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի նոր տեսակի յարաբերութիւնները։ Որպէս գրող, Վարդգէս Պետրոսեան նոր որակի բարձրացուց հայ ակնարկագրութիւնը, հայրենի երիտասարդութեան ու հայրենի հողի պաշտպանութիւնը դարձուց իր գրականութեան կարեւոր թեմաներէն մին՝ դուրս գալով նախկին կապանքներէն ու հարցերուն մօտենալով ժամանակակիցի հայեացքով՝ երբեմն շատ վիճելի հաստատումներով։
Յոբելենական հանդիսութեան մանրամասնութեանց մասին յառաջիկայ օրերուն Գործադիր մարմինը այլ հաղորդագրութիւններ պիտի հրապարակէ։