ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան յայտարարեց, թէ Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ «Արցախի Հանրապետութեան Հրապարակ»ի ցուցանակին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոսին, կ.ե. ժամը 1։30 սկսեալ՝ կոչ ընելով համայնքին, որ մեծաթիւ ներկայութեամբ մասնակցի այս արարողութեան, յստակ պատգամ մը փոխանցելու համար Արցախը պաշարուած պահող Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւններուն։
Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11766 Wilshire Blvd, Los Angeles հասցէին։
Յիշեցնենք, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը 16 Մայիսին, միաձայնութեամբ որոշեց Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ուիլշըր եւ Կրենվիլ պողոտաներու խաչմերուկը «Արցախի Հանրապետութեան Հրապարակ» անունով մկրտել:
Որոշումին մէջ նշուած էր, որ այս քայլը ձեռնարկուած է «ի պատիւ հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող պատերազմող տարածաշրջանին, որ շատ կարեւոր է Լոս Անճելըսի հայկական մեծ համայնքին համար»:
Այս առաջարկը ներկայացուցած Գրիգորեան շեշտեց, թէ Դեկտեմբերէն ի վեր, Պաքու շրջափակած է Արցախը, որուն պատճառով արցախահայութիւնը գոյութենական պայքար կը մղէ։
Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի բռնապետը բացայայտօրէն կը սպառնայ ցեղասպանութեամբ եւ կոչ կ՛ընէ՝ վտարելու բոլոր հայերը այն տարածքներէն, որոնց ան կը յաւակնի, անգամ մը եւս սպառնալով ոչնչացնել հայ ժողովուրդը, իր իսկ հայրենիքին մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին կողմէ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած Արցախի զօրակցութեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Գրիգորեան քննադատած էր Արցախի ժողովուրդին տառապանքը անտեսելու՝ նախագահ Պայտընի վարչակարգին դիրքը, դատապարտելով «Պաքուի ջարդարար» Ալիեւի ոճիրները, իսկ Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին պաշտօնեաները որակած էր Ալիեւի «ապատեղեկատուութեան քարոզիչեր»ը։