Զօր. Քիրիլ Քուլաքով նշանակուեցաւ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արցախփրէս»ը:
Քուլաքով 54 տարեկան է. 2017էն սկսեալ, ան Քազանի բարձրագոյն ռազմական հրամանատարական դպրոցի հրամանատարն էր:
Այս տարուան Ապրիլէն ի վեր, Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարը զօրավար-գնդապետ Ալեքսանդր Լենցովն էր: