Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) մինչեւ 7 Սեպտեմբեր ժամանակ տուաւ Ատրպէյճանին՝ 28 Օգոստոսին, Լաչինի միջանցքէն առեւանգուած երեք քաղաքացիներուն մասին տեղեկատուութիւն տրամադրելու համար:
Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչին գրասենեակը նշեց, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է դատարանին տեղեկութիւններ տալ այդ անձերու գտնուելու վայրին, կեցութեան պայմաններուն, առողջական վիճակին, ստացած բժշկական օգնութեան եւ վերադարձի ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին: