Յունիսի կէսին, Սեւանայ լճի մօտ ընտրուած յարմար վայրի մը մէջ, Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի միաւորը գումարեց իր 17րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ բոլոր աշխատանքներուն հետեւեցաւ նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկերուհի Յասմիկ Տէրտէրեան։ Ներկայ էր նաեւ ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան անդամ ընկերուհի Կարինէ Յովհաննիսեան։
Ժողովին բացումը կատարեց ՀՕՄի Հայաստանի միաւորի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, գրող եւ ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկերուհի Ալվարդ Պետրոսեան։ Անդրադառնալէ ետք ՀՕՄի աշխարհատարած գործունէութեան մէջ Հայաստանի միաւորին ունեցած իւրայատուկ տեղին ու դերին, զայն նկատելով իբրեւ կարեւոր մէկ օղակը ընդհանրապէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպական վերընձիւղման երկարամեայ իղձերուն իրականացման, ընկհ. Ա. Պետրոսեան յաջողութիւն մաղթեց ժողովին՝ ընդգծելով առնուելիք որոշումներուն կարեւորութիւնը ՀՕՄի ամբողջ ընտանիքին համար։ Հայաստանի մէջ նման կազմակերպութիւն ունենալը երազ էր, եւ այդ երազի իրագործողները մենք ենք, որուն համար ալ հպարտութեան եւ երջանկութեան ապրումներով կը համակուի իւրաքանչիւր ՀՕՄական։
Ապա՝ հրաւիրուեցաւ իր խօսքը փոխանցելու ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկերուհի Յասմիկ Տէրտէրեան, որ ողջունելէ եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցելէ ետք ժողովին, ընթերցեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան տեղեկագիրը, առ ի տեղեկութիւն եւ ոչ քննարկում, որմէ ետք պատասխանեց լուսաբանական հարցումներու։
Իբրեւ Սփիւռքի տարածքին գործող միաւորներէն մէկուն՝ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչին անդամ, ինծի համար իրապէս ուրախութեան եւ հպարտութեան պահեր ստեղծեց հիւրաբար մասնակցութիւնը ՀՕՄի Պատգամաւորական այս գերագոյն ժողովին։
Առաջին անդամ չէր, որ ՀՕՄի մեծ կազմակերպութեան Պատգամաւորական ժողովի մը ներկայ գտնուելու առիթը կը ստեղծուէր ինծի համար։ Բայց առաջին անգամ էր, որ այդ ժողովին ներկայ կ’ըլլայի մայրենի հողին վրայ եւ, այդ պատճառով ալ, կատարուած իրագործումներու թւումին կամ ներկայացման ընթացքին, այնքա՜ն զգացական ու յուզիչ պահեր կ’ապրէի։ Պէտք է խոստովանիլ, որ տարբեր զգացում է քու սեփական հողիդ վրայ, քու հայրենի երկրիդ տարբեր շրջանները ներկայացնող պատգամաւորներու հետ միատեղ գտնուիլ եւ դառնալ վկան հայրենիքիդ ու ժողովուրդիդ ապրած դժուարութիւններուն, դիմագրաւած հարցերուն եւ կատարած իրագործումներուն։
Շատ ամփոփ ձեւով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ կ’արժէ քանի մը տողով անդրադառնալ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորին աշխատանքներուն՝ մեկնելով Շրջանային վարչութեան կողմէ ներկայացուած նիւթաբարոյական տեղեկագրէն եւ ներկաներու կողմէ արտայայտուած կարծիքներէն։
Հայաստանի մէջ, ՀՕՄի միաւորը ունի 52 մասնաճիւղեր, որոնք ցրուած են Երեւանի եւ աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու՝ հետեւեալ տասը մարզերուն մէջ. Կոտայք, Գեղարքունիք, Արարատ, Արագածոտն, Արմաւիր, Շիրակ, Լոռի, Տաւուշ, Վայոց Ձոր եւ Սիւնիք։ Այդ 52 մասնաճիւղերը ամբողջ տարի մը գործած են իրենց շրջաններուն մէջ եւ Պատգամաւորական այս ժողովին ներկայացան Շրջանային վարչութեան տարեկան տեղեկագրին ընդմէջէն, ինչպէս եւ ժողովին ներկայ պատգամաւոր ընկերուհիներու տուած յաւելեալ տեղեկութիւններով։
Շրջանային վարչութեան կողքին կան ու կը գործեն իր կողմէ յառաջացուած յանձնախումբեր, թիւով՝ ութ։ Այսպէս, Շրջանային վարչութիւնը յառաջացուցած է Լրատուական–քարոզչական, Կրթամշակութային, Առողջապահական, Տնտեսական, Դրամահաւաքի, ՄԱԿի, Անդամարշաւի եւ կազմակերպական աշխատանքներու յատուկ, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերով ու որբախնամի ծրագրերով զբաղող յանձնախումբեր։
ՀՕՄի մասնաճիւղերէն ոմանք շատ փոքրաթիւ են, ուրիշներ՝ աւելի բազմանդամ։ Միայն Երեւանի մէջ կան 11 մասնաճիւղեր, որոնցմէ ոմանք շատ աշխոյժ են։ Բոլորի պարագային ալ, նկատելի է երիտասարդ ու յաճախ մասնագէտ անձերու ներկայութիւնը։ Այդպէս ցոյց կու տար նաեւ պատգամաւորներու պատկերը։ Պատգամաւորական այս ժողովին մասնակիցներէն շատեր բժիշկներ, տնտեսագէտներ, համալսարանի դասախօսներ եւ այլ մասնագիտութեանց տէր ընկերուհիներ էին։ Արդարեւ, ՀՕՄը Հայաստանի մէջ ունի զարգացած տարրեր։ Մաղթելի է, որ երիտասարդ եւ ատակ տարրեր ամէն օր եւ ամէնուրեք, մայրաքաղաքին մէջ թէ շրջաններու տարածքին, մօտենան այս մեծ կազմակերպութեան, խտացնեն անոր շարքերը եւ իրենց ներդրումը ունենան ՀՕՄի ծաւալուն ու բազմատեսակ աշխատանքներուն մէջ։
Ինչպէս Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերը եւս որդեգրած են յանձնախմբային դրութեամբ աշխատանքը, որ կը կեդրոնացնէ միատեսակ մասնագիտութիւն կամ հետաքրքրութիւն ունեցող ընկերուհիներ։ ՀՕՄի մասնաճիւղերը զբաղած են միայնակ ծերերու հոգատարութեան հարցերով, կազմակերպած են զոհուած ազատամարտիկներու նուիրուած երեկոներ, որոնք երիտասարդներու համար ունին դաստիարակչական մեծ նշանակութիւն, կազմակերպած են դաստիարակչական նիւթերով զրոյցներ։ Կարգ մը մասնաճիւղեր կազմակերպած են ամառնային դպրոցներ, ուր մասնաճիւղի ընկերուհիները դասաւանդած են հայոց լեզու, հայ գրականութիւն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներ, համակարգչային գիտելիքներ, առաջին բուժօգնութիւն եւայլն։ Կարգ մը մասնաճիւղեր աղանդներու եւ աղանդաւորական շարժումներու մասին՝ «Պայքար հոգէորսութեան դէմ» թեմայով զրոյցներ կազմակերպած են։ Իրագործուած են նաեւ այլ ծրագիրներ, ինչպէս կարի ու մեղուաբուծութեան վարժեցում։ Մեծ աշխատանք կը տարուի ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան» հաստատութեան մէջ, որ հպարտանքի արժանի հաստատութիւն մըն է։
Հայաստանի ՀՕՄը, բարեսիրական, խնամատարական կրթական կամ առողջապահական մարզերէ ներս կատարած է լուրջ աշխատանք՝ իր կարելիութեան ներած չափով հասնելու համար կարիքաւորին, անտունին, ուսանողին, աշակերտին, զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւայլն։ ՀՕՄի գործունէութեան դաշտը շատ ընդարձակ է։ Կան Կեդրոնական վարչութեան ծրագիրները, կան նաեւ զուտ տեղական ծրագիրներ, որոնց իրագործումը ամբողջութեամբ կը պատկանի ՀՕՄի Հայաստանի միաւորին։ ՀՕՄի ընդհանուր ծրագիրներու իրագործման մէջ երբեմն մեծ է աշխատանքը Սփիւռքի միաւորներուն, ուրիշ պարագաներու ալ շատ բան կախեալ է տեղական ուժերէն։
Միւս կողմէ, ինչպէս որեւէ նորաստեղծ հանրապետութեան պարագային, Հայաստան դէմ հանդիման կը գտնուի բազմաթիւ խնդիրներու։ Հայաստանի մէջ կան դեռ չլուծուած բազում լուրջ հարցեր, որոնք իրենց ազդեցութիւնն ու ծանր հետեւանքները ունին մեր ժողովուրդի կենցաղին վրայ։ Այդ դժուարութիւնները ամէնէն աւելի կ’ազդեն շատ համեստ, չըսելու համար աղքատ բնակչութեան վրայ։ Եւ շատ բնական է, որ ՀՕՄը, իբրեւ բարեսիրական կազմակերպութիւն, ընելիքներ ու պատասխանատուութիւններ շատ ունի թէ՛ առանձինն իբրեւ ՀՕՄ եւ թէ գործակցաբար զարգացման ու ընկերային ծառայութեան տարբեր ծրագիրներ իրականացնող այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ արդէն իսկ ընթացքի մէջ գտնուող անոնց ծրագիրներէն ներս իր ներդրումը բերելով։ Հետաքրքրական է գիտնալ, օրինակ, որ Հայաստանի ՀՕՄը, իբրեւ հասարակական կամ բարեսիրական կազմակերպութիւն, մաս կը կազմէ համահայաստանեան կառավարական եւ ոչ կառավարական յատուկ յանձնախումբերու եւ իր ներկայացուցիչներով կը մասնակցի անոնց ժողովներուն ու աշխատանքներուն։ Օրինակի կարգով յիշատակենք, որ Հայաստանի ՀՕՄը մաս կը կազմէ կառավարութեան Մարդասիրական օգնութիւններու յանձնախումբին, ՀՀ վարչապետին կից Կանանց Խորհուրդին, Հայաստանի մէջ Կանանց վիճակի բարելաւման եւ ժողովուրդին մէջ անոնց ունեցած դերի բարձրացման ձգտող մարմնին, Հայաստանի կառավարութեան թրաֆիքինկի՝ մարմնավաճառութեան տարբեր եղանակներուն դէմ պայքարի մարմնին եւայլն։ Այս բոլորը կ’ենթադրեն մեր երկրի ընկերային կամ այլ հարցերու դիմագրաւման աշխատանքներուն մէջ ունենալ յատուկ տեղ, մանաւանդ՝ հետեւողական գործունէութիւն։
Մէկ խօսքով՝ ՀՕՄը Հայաստանի մէջ իր կարեւոր տեղը ունի մեր երկրի կայունացման ձգտող՝ ընկերային եւ այլ խնդիրներու յաղթահարման գծով եթէ ոչ որոշում կայացնող, առնուազն՝ այդ հարցերով տագնապող ու լուծումներ փնտռող կազմակերպութիւններու շարքին։
Երկու օր, Սեւանի ափին, ՀՕՄական ընկերուհիներու հետ խօսիլը, մէկ կողմէ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հարցերուն ծանօթանալը, իսկ միւս կողմէ իրենց իրագործումներուն եւ յաջողութիւններուն պատճառած հպարտանքի ու հրճուանքի զգացումներուն մասնակից դառնալը, նոր փորձառութիւն մըն էր, որուն համար չեմ կրնար զսպել զգացումներս։ Ընկերուհի մը կը պատմէ, թէ իրենց մասնաճիւղը եօթը անդամ կը հաշուէ եւ ունին երեք հոգինոց վարչական կազմ մը, որ կը յաջողի 400 հոգինոց սրահ մը բերնէ–բերան լեցնել իր մէկ ձեռնարկին։ Կ’ընդունիս, որ այդ յաջողութիւնը պատուաբեր նուաճում մըն է որեւէ վարչութեան համար։ Այս հաստատումը, սակայն, որքան ալ քեզ կը մղէ հարց տալու, թէ յիշեալ մասնաճիւղը ինչո՞ւ միայն եօթը անդամ ունի, միւս կողմէ այդ վարչական ընկերուհիին ապրած գոհունակութիւնը չի կրնար անտարբեր ձգել քեզ… ու իրեն հետ դուն ալ կ’ուրախանաս այդ նուաճումով։ Ուրիշ ընկերուհի մը կը մօտեցնէ իր մասնաճիւղի ձեռնարկներուն շարքը «պատմող» նկարներու ալպոմը եւ կ’առաջարկէ, որ այդ լուսանկարներուն գործած ազդեցութեան տակ արձանագրութիւն մը ունենամ ալպոմին մէջ։ Ի՜նչ հպարտանքով կը դարձնէ ալպոմին էջերը, փաստելու համար, որ բազմաթիւ են ձեռնարկները… Ու այսպէս, կը խօսին, կը պատմեն, կը յուզեն։
Մեր երկրի ընկերային տարբեր խաւերուն մէջ տարածուած եւ այդ ճամբով մեր ժողովուրդի «լաւն ու վատը» մօտէն ճանչցող Հայաստանի ՀՕՄին դիմաց շատ մարտահրաւէրներ կան։ Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը յուզող ամէն հարց փաստօրէն մտահոգութիւնն ու աշխատանքի եւ ծառայութեան մարզն է ՀՕՄի հայրենական կառոյցին, իւրաքանչիւր ՀՕՄականի։ Առնուազն կը հաւատանք, որ այդպէս է։
Շատ բան կը սպասուի հայ ժողովուրդէն ծնած ու հայ ժողովուրդին համար «ապրող» ՀՕՄէն։