Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին, Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը անհանգստութեամբ ականատես եղաւ սահմանային շրջաններուն մէջ լարուածութեան աճին եւ փոխհրաձգութիւններուն։ Այս մասին առաքելութիւնը յայտարարեց իր «Էքս» էջին վրայ։
1 Սեպտեմբերին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած ռազմական բախումներէն ի վեր, ասիկա Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական խումբի առաջին հրապարակային արձագանգն է արիւնալի իրադարձութիւններուն:
Առաքելութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ իրավիճակին մասին զեկուցեց Պրիւքսէլին։
«Մեր պարեկները կը դիտարկեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային հատուածները եւ առճակատման գիծերը` ռազմական եւ ապահովութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններուն մասին Եւրոպական Միութեան զեկուցելու նպատակով», կ՛ըուի վերոնշեալ գրառումին մէջ։