Արցախի պետական նախկին նախարար Արտակ Բեգլարեանի եւ ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ Սերժ Թանքեանի հետ «Պի.Պի.Սի.»ի ունեցած հարցազրոյցը Պաքուի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուց: Կ՛ուղղուին կոչեր, ըստ Պաքուի, «անջատողականութեան աջակցող» «Պի.Պի.Սի.»ի եւ այլ լրատուամիջոցներու գործունէութեան դադրեցման հարցը քննարկելու։
Նման կարծիք արտայայտեց մասնաւորապէս Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Պահրուզ Մահարամով, որ, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան, յայտարարեց, թէ նման հսկայ լրատուամիջոցներ, ինչպէս՝ «Պի.Պի.Սի.»ն, «Ազատութիւն» կայանը եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը, Արեւմուտքի կողմէ կ՛օգտագործուին «մարդու իրաւունքներու քօղին տակ կազմակերպուած խաչակիրներու արշաւանքներուն»:
Աւելի կանուխ Ատրպէյճանի նախագահի բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ անդրադարձաւ «Պի.Պի.Սի.»ի հարցազրոյցին՝ գրելով, թէ անիկա կը զբաղի միակողմանի եւ կողմնակալ, թշնամական շահարկումներով, սուտի տարածումով։
«Պի.Պի.Սի.»ի Context հաղորդումին ընթացքին Բեգլարեան եւ Թանքեան պատմեցին Լաչինի միջանցքի փակման եւ Ալիեւի վարչակազմի գործողութիւններուն պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին մասին:
Խօսքի ազատութեան առումով աշխարհի յետամնացներէն նկատուող «Ատրպէյճանի մամլոյ խորհուրդ» կազմակերպութիւնը եւս քննադատեց «Պի.Պի.Սի.»ն՝ պահանջելով լրատուական ընկերութենէն ներողութիւն խնդրել, հակառակ պարագային անոր գործունէութիւնը դադրեցնել Ատրպէյճանի մէջ։